ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԹՐԻՔ Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Վատիկանի մէջ երէկ երեկոյեան հրաժեշտի ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Բարձրաստիճան հիւրերու յատուկ «Տոմուս Սանթա Մարթա» պաշտօնական հիւրանոցէն ներս սարքուեցաւ այս ընթրիքի սեղանը, որու շուրջ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Վեհափառ Հայրապետի դէպի Հռոմ ուղեւորութեան վերջին երեկոյեան տեղի ունեցաւ այս ընթրիքը, որու տանտէրն էր Վատիկանի Քրիստոնէից հետ միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխ։ Ճաշասեղանին շուրջ էին նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի։ Վեհափառ Հայրապետին սեղանակից եղան նաեւ կաթողիկէ հայոց նորընտիր պատրիարքը՝ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ալ հրաւիրուած էր այս երեկոյթին։

Վեհափառ Հայրապետի եւ միւս բարձրաստիճան հոգեւորականներուն միջեւ ընթրիքի տեւողութեան սիրալիր զրոյց տեղի ունեցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Երեք կարտինալներն ալ ուրախութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետի կողմէ Հռոմ տրուած այցելութեան կապակցութեամբ, իսկ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ ալ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ եւ այս տեսակցութիւնը եկաւ բնորոշել իր ուղեւորութեան ծրագրի աւարտը։ Կարտինալ Սանտրիի հետ տեսակցութենէն վերջ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ դէպի օդակայան եւ իրեն ընկերակից հոգեւոր հայրերուն հետ հրաժեշտ առաւ Հռոմէն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021