ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԴԷՊԻ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը նախընթաց օր կազմակերպեց յատկանշական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցութիւն բերին մեր զանազան թաղերէն համակիր կանայք։ Ատենապետուհի Սեդա Պեշիկթաշլեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը հսկայ՝ շուրջ 250 հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը առաջնորդեց Գումգաբու։

Ծրագրի մասնակիցները նախ այցելեցին Պատրիարքարանի թանգարանը, ուր իրենց ուղեկցեցաւ Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան։ Խումբը աւելի վերջ ծանօթացաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրին՝ ընկերակցութեամբ Նազարէթ Դաւիթեանի։ Հուսկ, բոլորը ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուեցան «1890 Suites» պանդոկին մէջ, ուր ունեցան հաճելի ժամանց։

Սեդա Պեշիկթաշլեանի գլխաւորած Կեդրոնականի ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն՝ Ժանէթ Արծիւեան, Մանիշակ Փուլաշ, Լետա Չիֆթճեան, Գոհար Այտըն, Աղաւնի Թուրաչ, Լինտա Սոլաք, Հիլտա Քէօսէօղլու, Նաթալի Օքթայ, Թալին Պոզթաշ, Ժաքլին Հայրիյէ Փեք եւ Ժաքլին Քեշիքճիօղլու։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2019