ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներու հետ։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ աշակերտներուն նկատմամբ, որոնք Գումգաբու առաջնորդուած էին դպրոցի տնօրէն Արաս Տելիճէի եւ ուսուցչուհիներէն Թալին Կարիպկիւնի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը դահլիճին մէջ տղոց իր օրհնութիւնն ու յորդորները տալու առընթեր, անմիջական մթնոլորտի մը մէջ պատասխանեց նաեւ անոնց հարցումներուն։ Ան առանձնապէս ուրախութիւն յայտնեց, որ առիթ կը ներկայանար, որպէսզի տղաքը մօտէն ծանօթանան Պատրիարքական Աթոռին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ Պատրիարքարանը կը պատկանի մեր ամբողջ ժողովուրդին, ուստի բոլորի այցելութեան կը սպասուի։ Ի յիշատակ երէկուայ այցելութեան՝ Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին նուիրեց պատկերազարդ Աստուածաշունչ՝ թելադրելով, որ անպայման ընթերցեն Սուրբ Գիրքը եւ անհաղորդ չմնան իրենց պապենական հաւատքին։

Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ տղաքը այցելեցին նաեւ Պատրիարքարանի թանգարանը, ուր իրենց ուղեկցեցաւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021