ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։

Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Թոփգաբուի եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որուն զուգահեռ տեղի կ՚ունենայ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հերթական նուիրահաւաքը։ Ուստի, Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները Գումգաբու փութացած էին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին տեղեկութիւններ թաղի վիճակին ու մանաւանդ՝ դպրոցի կարիքներուն շուրջ։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ թաղականներու սիրայօժար ծառայութիւնը դրական պտուղներ ունենայ Թոփգաբուի ընտանիքին համար։ Ան գնահատանքով վերյիշեց թաղի նորոգ վախճանեալ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանը՝ ընդգծելով անոր պարտաճանաչութիւնը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողութիւններ մաղթեց շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան համար։

Միւս կողմէ, Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները երէկ ալ մատաղօրհնութեան ընդառաջ այցելեցին խմբագրատունս։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք բացատրութիւններ տուին Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առկայ դժուարութիւններուն շուրջ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021