ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի՝ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը փուլ առ փուլ յառաջ կը տանի գործընթացը՝ յարգելով բոլոր օրինական հանգամանքները եւ ցուցաբերելով մեծ նախանձախնդրութիւն։ Երէկուան օրը, նախընտրական գործընթացի անկիւնադարձային փուլերէն մին էր։ Այսպէս, թէ՛ թաղերու մէջ հրապարակուած ընտրական ցուցակները արդէն վերցուեցան եւ թէ՛ միեւնոյն ժամանակ, աւարտին հասաւ թեկնածութիւն առաջադրելու ժամկէտը։

Այս պահու դրութեամբ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրուած է մեր համայնքէն վեց խումբի կողմէ։ Այլընտրանքներու եւ սպասումներու մթնոլորտին մէջ, ընտրական մարմինը երէկ այս բոլոր ցուցակներով առաջադրուած անդամութիւններու աղերսագիրները ընդունեց՝ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս հաստատուած իր գրասենեակին մէջ։ Այս պահու դրութեամբ, թեկնածու ներկայացած վեց խումբերը արդէն մինչեւ քուէարկութեան թուականը մեր համայնքի անդամներուն կողմէ պիտի արժեւորուին այլեւս վերջին անգամ։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած են՝ Աքսել Թոփալեանի, տքթ. Թագւոր Անանի, Արէտ Աքփոլատի, Շէյտա Երկանեան-Նանեանի, Ասլան Կիւնէրի, ինչպէս նաեւ այժմու թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմի կողմէ գլխաւորուած խումբեր։

Ընտրական մարմինը այսօր այս վեց խումբերուն մէջ ընդգրկուած թեկնածուներու հանգամանքները աչքէ կ՚անցընէ՝ հաշուի առնելով կանոնադրութիւնով նախատեսուած անհրաժեշտութիւններն ու պատշաճութիւնները։ Աւելի վերջ, ամենայն հաւանականութեամբ վաղը, ընտրական մարմինը պաշտօնապէս այդ թեկնածուներու անուանացանկը կը ներկայացնէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան (VGM) Իսթանպուլի Ա. շրջանի մասնաճիւղին։ Շրջանային տնօրէնութեան հաստատումէն վերջ առաջադրուած թեկնածութիւնները պաշտօնապէս վաւերացուած պիտի ըլլան։ Պատկան իշխանութիւններու հաստատումէն վերջ է, որ թեկնածութեան հանգամանքը վերջնական բնոյթ պիտի ստանայ։

Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը նախատեսուած է մարտի 12-ին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2023