ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս պահուն հիմնական առաջնահերթութիւնը դարձած է աղէտի գօտի օգնութիւն փութացնելը։ Թուրքիոյ տասն քաղաքները ցնցած ահաւոր երկրաշարժի ծանր հետեւանքներուն դիմաց, ինչպէս երկրի ժողովուրդին բոլոր խաւերը, այնպէս ալ հայ համայնքը զօրաշարժի ենթարկուած են։

Վերջին օրերուն Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններուն ժամանակ ընդունուած որոշումներուն հիման վրայ՝ երէկ արդէն թափ ստացաւ գործնական աշխատանքը։ Պոլսահայ աղքատախնամ մարմինները այս փուլին կը համակարգեն աղէտեալներու համար ձեռնարկուած զօրակցութեան արշաւը։ Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիներուն մէջ կեդրոնացուեցան մեր համայնքին կողմէ կատարուած բոլոր աջակցութիւնները։ Անշուշտ, այս աջակցութիւնը ներկայ ծանր պահուն կենսական նշանակութիւն ունի բոլոր աղէտեալներուն տեսակէտէ։ Համայնքին կողմէ հաւաքուած բոլոր օգնութիւնները օրուան վերջաւորութեան փոխադրուեցան մեր ազգայիններէն Աքսել Թոփալեանի՝ «Քալտէ» ընկերութեան մեծ շտեմարանին մէջ։ Այսօր, այդ օգնութիւնը մեծ բեռնատարով (tır) մը ճանապարհ դուրս կու գայ դէպի աղէտի գօտի։ Հարկ է նշել, որ համայնքին կողմէ կատարուած իրեղէններու հանգանակութեան առընթեր, այդ բեռնատարը դէպի աղէտի գօտի պիտի փոխադրէ 12 թոն ընդեղէն։ Թրքահայ համայնքը այս աշխատանքը կը տանի՝ քաղաքիս յոյն համայնքին ալ մասնակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ։

Իսթանպուլէն այդ բեռնատարը կ՚ուղղուի դէպի Հաթայ, Իսքենտէրուն եւ Վաքըֆլըգիւղ։ Այնտեղ տեղափոխուած օժանդակութիւնները աւելի վերջ յարաբերաբար աւելի փոքր ինքնաշարժներով պիտի փութացուին դէպի Մալաթիա եւ Ատըեաման։ Արդարեւ, Մալաթիայի եւ Ատըեամանի մէջ այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ մեծ բեռնատարերու մուտքը հնարաւոր չէ այս պահու դրութեամբ։

Համայնքային շրջանակները անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին աղէտեալներու ի նպաստ ստեղծուած այս զօրակցութեան արշաւի ընթացքին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2023