ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՄԱՐՏԻ 8-Ի ԱՌԹԻՒ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Երէկ, Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ համայնքային մասնաւոր կանանց հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Ամէն տարի երկու անգամ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերը կ՚իրականացնեն այդ ձեւաչափով երկու հաւաքոյթ։ Այս տարուան հաւաքոյթներէն մին զուգադիպեցաւ Մարտի 8-ին։

Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած կանանց հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան, Պատրիարքարանի տիկնանց կազմի ատենապետուհի Եսթեր Վարժապետեան, Իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու համատեղ յանձնախումբի ատենապետուհի Թագուհի Կիւլ եւ մեր զանազան հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու պատասխանատուները։

Հաւաքոյթի ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Թագուհի Կիւլ, որ ներկաներուն բարեմաղթութիւններ յղեց Մարտի 8-ի առթիւ։ Ան միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմին եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։

Արտայայտուեցաւ նաեւ Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմի ատենապետուհի Մաթիլտա Ֆըրատօղլու։ Հիւրընկալ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդին անունով ալ Ժագլին Էրմէն շնորհաւորեց Համաշխարհային կանանց օրը։

Ճաշկերոյթի աւարտին տիկնանց յանձնախումբերու համատեղ մարմինը ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը։

Երէկուան հաւաքոյթը կազմակերպած Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմին կ՚անդամակցին՝ Մաթիլտա Ֆըրատօղլու (ատենապետուհի), Լիզի Չերմէ Ճիվանեան, Ալին Քումրալ, Ժոսլին Տինչքայըքճը, Թալին Փափազեան, Լետա Քոչ, Սանթա Ինկիլլիօղլու եւ Հռիփսիմէ Պաքեան։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018