ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊՈԼԻՍ ԼՈՒՍԱՏՈՒ» ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց պոլսահայ խումբ մը լուսանկարիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Այս առթիւ հիւրերը յայտնեցին, թէ որպէս պոլսահայ լուսանկարիչներ, կազմած են «Պոլիս լուսատու» անուն խմբակը։ Անոնք ցաւով արտայայտուեցան երկրաշարժի աղէտին մասին եւ Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին զանազան առիթներով այցելութեանց ընթացքին նկարուած Վաքըֆլըգիւղի լուսանկարներէն ցուցահանդէս մը կազմել եւ ներկայացնել մեր համայնքին եւ հետաքրքիր հասարակութեան։ Սոյն ցուցահանդէսի եկամուտը պիտի յատկացուի երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած Վաքըֆլըգիւղի վերանորոգման նպատակին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան ու ցաւակցութեան համար եւ ըսաւ, թէ այս ցաւը բոլորիս կը պատկանի։ Ան յայտնեց նաեւ, որ առիթը ցաւալի, սակայն աշխատանքը օրհնեալ է։ Այս առումով, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց կազմուած խմբակը եւ անոնց նպատակը ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023