ԿԷՕՔՀԱՆ ԵԻՒՔՍԷԼ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլ այցելեց Շիշլի մարզակումբ։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Կէօքհան Եիւքսէլը, որ անմիջական զրոյցի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ իր ծրագիրներուն շուրջ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ մեծապէս կը կարեւորէ Շիշլիի շրջանի համակեցութիւնը եւ այս տրամաբանութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ կը նախատեսէ համագործակցիլ փոքրամասնական համայնքներու զանազան կառոյցներուն հետ։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024