ԱՍՈՐՒՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորւոց առաջնորդ եւ Պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտը, որուն կ՚ընկերանար ասորի պատրիարքական փոխանորդարանի դիւանապետ Մելֆոնօ Զեքի Տեմիր սարկաւագը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Մոր Ֆիլիքսինոս մետրապոլիտը Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հայրերու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ դահլիճ, ուր երկու հոգեւոր առաջնորդներ զիրար ողջունեցին եւ ասորւոց առաջնորդը հայոց Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ ասորի համայնքին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց։ Պատրիարք Հայրն ու ասորւոց առաջնորդը զրուցեցին երկու եկեղեցիներու հետ առընչուած հարցերու շուրջ ու մասնաւորապէս կանգ առին քորոնաժահրի համավարակի ստեղծած նեղութեանց վրայ։ Համայն աշխարհին ազդող այս համավարակը պատճառ դարձած էր, որ եկեղեցիներու թէ՛ ծառայութեանց մէջ ընդհատումներ ըլլալ եւ թէ ակամայ կաղան եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցած փոխայցելութիւններն ու փոխյարաբերութիւնները։ Իբր այդ, ասորւոց պատրիարքական փոխանորդը հայոց Ս. Զատկի առիթով փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել եւ յանուն իր համայնքին հայոց պատրիարքին իր եղբայրական շնորհաւորութիւնները անձամբ փոխանցել։ Երկու հոգեւոր պետերը այս առիթով իրենց համայնքներուն եկեղեցական եւ համայնքային կեանքի մասին զրուցեցին ու համայնքներէ ներս տիրող դրական երեւոյթներու մասին արտայայտուեցան։ Անոնք մաղթեցին, որ համավարակի ազդեցութիւնը ի մօտոյ հեռանայ մարդկային իրականութենէն եւ եկեղեցիներ իրենց ծառայութիւնը կարենան շարունակել բնական հունի մէջ։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորական սոյն այցելութեան առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Մոր Ֆիլիքսինոս մետրապոլիտին եւ իր անձին մէջ ասորի համայնքին մաղթեց խաղաղ ու օրհնեալ օրեր։ Մեր Հոգեւոր Պետը շեշտեց ի Քրիստոս եղբայրութեան կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, թէ յատկապէս ներկայ դժուարին շրջանին առաւել եւս մխիթարական կը դառնայ այս եղբայրութեան գոյութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ այս տարի համավարակի պատճառաւ արարողութիւնները դռնփակ կատարուեցան։ Սակայն Աթոռի «Լրաբեր» տեսալսողական ծառայութեան շնորհիւ բոլոր արարողութիւնները Պատրիարքարանի ընկերային ցանցերուն մէջ ուղիղ տեսասփռուեցան եւ անոնք հասան հազարաւոր անձերու։ Այս մէկը Աթոռին համար մեծ գոհունակութիւն ու մխիթարութիւն է այս շրջանին։

Մեր Հոգեւոր Պետը այս այցելութեան առիթով նաեւ գեղեցիկ անակնկալ մը ըրաւ Մոր Ֆիլիքսինոս մետրապոլիտին։ Ան յայտնեց, թէ վերջերս Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պատրաստուած է երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին ձօնուած յուշամատեան մը, որուն մէջ լոյս տեսած են նաեւ հոգեւոր առաջնորդներէ գրութիւններ, ինչպէս նաեւ Մեսրոպ Պատրիարքի բազմաթիւ լուսանկարները։ Ի փոխարէն այս յուշամատեանին, սրբազան մետրապոլիտը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ երանութեամբ յիշատակեց երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը։

Այցելութեան աւարտին ասորւոց մետրապոլիտը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հիւրասիրութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021