ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՍ ԱՄԱՌ ՓԱԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս ամառ փակ պիտի ըլլայ։ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցի Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, երէկ երեկոյեան համայնքային մամուլին փոխանցեց այս տեղեկութիւնը։

Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը վերջերս որոշած է Կազդուրման կայանի համալիրի շէնքերը քննութեան ենթարկել՝ ստուգելու համար անոնց երկրաշարժի դէմ տոկունութիւնը։ Մասնագէտ թեքնիք խումբերը անհրաժեշտ բոլոր քննութիւնները կատարած են այդ համալիրէն ներս։ Տարուած աշխատանքի լոյսին տակ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան պաշտօնապէս ներկայացուած է մասնագիտական տեղեկագիր մը։ Այսպէս, Կազդուրման կայանի համալիրի ննջարանի, ճաշարանի եւ վարչային շէնքերու օգտագործման շարունակութիւնը կ՚ենթադրէ ռիսքեր։ Գիտական քննութիւններու արդիւնքը ցոյց տուած է, որ թեքնիք առումով համալիրի այդ շէնքերը անհրաժեշտ մակարդակով տոկունութիւն չունին հաւանական երկրաշարժի մը դէմ։ Անոնք ի վիճակի չեն հաւանական ցնցումներու դիմադրելու։

Այս պայմաններուն ներքեւ, Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը իսկոյն որոշած է ներկայ ամրան Կազդուրման կայանը փակել եւ չհիւրընկալել մեր համայնքի մանուկները կամ պատանիները, որոնք խումբ առ խումբ իրենց արձակուրդը կ՚անցընեն այնտեղ։ Խնամակալութիւնը ստիպողական այս կարգադրութեան մասին ցաւ ի սիրտ տեղեակ պահած է հանրային կարծիքը։ Պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած, թէ յառաջիկայ շրջանին ի՞նչ պիտի ըլլայ Կազդուրման կայանի ճակատագիրը կամ կա՞յ վերակառուցման ծրագիր մը թէ ոչ եւ եթէ այո, ապա ի՞նչ ժամկէտներով։ Անշուշտ, համայնքային շրջանակները կ՚ակնկալեն, որ այս բոլորը աստիճանաբար բիւրեղանայ։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ ամրան շրջանին Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրը համայնքի մանուկներուն կամ համայնքային շրջանակներու գործունէութիւններուն համար բաց պիտի ըլլայ։ Խնամակալութիւնը ընդգծած է, որ խաղավայրի պարագային որեւէ շէնք կամ կառուցապատում խնդրոյ առարկայ չէ, հետեւաբար որեւէ ռիսք ալ գոյութիւն չունի։ Ուստի, պատասխանատուները որոշած են համալիրի այդ հատուածը ամրան շրջանին համայնքի տրամադրութեան տակ պահել։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023