ԱԼԻՍԻԱ ՕՀԱՆԵԱՆ ՉԱՔԸՐ ԱՒԱՐՏԵՑ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն  Ալիսիա Օհանեան Չաքըր Գանատայի մէջ աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը։ Վերջին տարիներուն Մոնրէալի մէջ ան կը յաճախէր «Մաք Կիլ» նշանաւոր համալսարանը։ Այս հեղինակաւոր կառոյցէն ներս ան մասնագիտացած է գործի կառավարման, միջազգային գործարարութեան եւ զարգացման ճիւղերուն մէջ։

Ալիսիա Օհանեան Չաքըր համալսարանը աւարտած է ներկայ տարեմուտին եւ իր վկայականը ստացած՝ վերջերս կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան մը ժամանակ։ Բացի հայերէնէ եւ թրքերէնէ, ան գիտէ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն։ Համալսարանը աւարտած ըլլալով՝ ան արդէն գործի ընդունուած է միջազգային ընկերութեան մը մէջ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ալիսիա Օհանեան Չաքըրը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները կը յայտնենք իր ծնողքին՝ մեր մարզական աշխարհի յայտնի դէմքերէն Մաժակ-Սոնիա Օհանեան Չաքըր ամոլին։  

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019