ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 օգոստոս 2020 թուականին կոչ ուղղած էր մեր համայնքի ազնիւ զաւակներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնէին սոյն մարդասիրական նպատակին ծառայելու համար եւ իրենց լումաները կեդրոնացնէին Պատրիարքական Աթոռոյս հաշիւներուն։

Ահաւասիկ, հանգանակութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին։ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը օժանդակութեան սոյն արշաւը բացած էր՝ յատկացնելով 7.000,00 ամերիկեան տոլար։ Իսկ մեր համայնքի անդամներէն Պատրիարքարան հասած է ընդամէնը 40.000,00 ամերիկեան տոլար։ Այժմ յոյսով կը սպասենք համայնքային ու թաղային մարմիններու լումաներուն, որպէսզի հաւաքուած գումարը կարենանք փոխանցել Լիբանան 15 սեպտեմբեր 2020 թուականին։

Անգամ մը եւս կ՚աղօթենք, որ Տէր Աստուած օգնական ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդին եւ լիբանանահայ մեր եղբայրներուն։ Թող Տէրը օրհնէ նաեւ բարերարները եւ հեռու պահէ զանոնք ամէն տեսակի փորձութենէ եւ աղէտներէ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020