ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԼ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր լծակից ընկերները՝ Ազնիւ Մեծատուրեան, Գարէն Թերզեան, Նուրհան Փալաքօղլու եւ Քորայ Աշճը։ Այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը, որու սեմին թաղային խորհուրդը թափով յառաջ կը տանի նախապատրաստական աշխատանքներ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանին ընդառաջ այցելեց նաեւ խմբագրատունս՝ մեր համայնքը առաւելագոյնս լուսաբանելու համար թաղի այժմու կարիքներուն շուրջ։

Ֆէրիգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ զօրաշարժի հերթական փուլն է։ Թաղային խորհուրդը մեր համայնքին աջակցութիւնը կ՚ակնկալէ, որպէսզի կայուն թափով կարենայ յառաջ տանիլ իր գործունէութիւնը։ Մետայլի միւս երեսակին՝ մեր համայնքին տեսակէտէ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին զօրակցելու հերթական փուլն է։ Արդարեւ, Ֆէրիգիւղը մեր համայնքի շարժիչ ուժերէն մին է։ Մեր ամենահայահոծ այս թաղը տարիներէ ի վեր կը պայմանաւորէ համայնքային կեանքի կենսունակութիւնը։ Ֆէրիգիւղի մարդուժին շնորհիւ կանգուն կը մնան այլ բազում վարժարաններ եւ մեր մշակութային կեանքը կը մնայ որոշ մակարդակի վրայ։ Վերջին շրջաններուն յաճախ կ՚ընդգծուի, որ մեր այժմու հայահոծ թաղերը կը դիմագրաւեն հակասութիւն մը։ Մարդուժով հարուստ այդ շրջանները դժբախտաբար եկեղեցապատկան կալուածներու տեսակէտէ նոյնքան հարուստ չեն։ Համայնքի մարդուժը եւ հաւաքական հարստութիւնը նոյն միջավայրերուն մէջ չեն կուտակուած եւ այս երեւոյթը լուրջ խնդիրներու պատճառ կը դառնայ։ Ներկայ կացութենէն առաւելագոյնս կ՚ազդուի, նոյնիսկ կը տուժէ Ֆէրիգիւղը։ Թաղային խորհուրդը երկար տարիներէ ի վեր մեծ զոհողութիւններ յանձն կ՚առնէ Մէրամէթճեան վարժարանը պահելու համար նախանձելի դիրքի վրայ։ Այս առաւօտեան հաճելի զրոյցի ընթացքին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ Մէրամէթճեան վարժարանը յաջող կրթօճախ մըն է։ Դպրոցին կողմէ արձանագ-րըւած յաջողութիւնները եւ դպրոցի գտնուած միջավայրով պայմանաւորուած առաւելութիւնները կը գնահատուին մեր համայնքին կողմէ։ Արդարեւ, Ֆէրիգիւղի վարժարանը ծնողներու կողմէ նուիրատուութեան լուրջ խոստումներ ունի եւ այս առումով համայնքային միւս վարժարաններու շարքին կը զբաղեցնէ առաջին հորիզոնականները։ Թաղականները այս հանգամանքը համայնքին կողմէ լուրջ զօրակցութիւն մը կը համարեն, որովհետեւ Մէրամէթճեան վարժարանի մօտակայքին կը գտնուին այլ բազում հայկական դպրոցներ, որոնք ամբողջութեամբ անվճար աշակերտ կ՚ընդունին։ Այդքան այլընտրանքով հանդերձ Մէրամէթճեան վարժարանի նախընտրութեան առարկայ դառնալը ուրախառիթ հանգամանք մը կը նկատուի Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ։

Թաղականները շեշտեցին, որ պիւտճէի բացը այնքան բարձր համեմատութիւններու հասած է, որ անկարելի է զուտ աշակերտներու ծնողներու զօրակցութիւնով հաւասարակշռել բացը։ Ուստի, համայնքին աջակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Եթէ կարելի ըլլայ նիւթական առումով յարաբերաբար կայուն պայմաններ ապահովել, ապա կարելի պիտի դառնայ նաեւ աւելի զարկ տալ նորարարութիւններու, ինչ որ երաշխիք մը պիտի ըլլայ դպրոցի յաջող երթը երկարաժամկէտ երաշխաւորելու տեսակէտէ։

Հաճելի զրոյցի տեւողութեան թաղականները յոյս յայտնեցին, որ համայնքային կեանքէն ներս կարելի պիտի դառնայ հաւաքական հարըս-տութիւնը արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց ձեւով բաժնելու դժուարութիւններու յաղթահարումը։ Այդ պարագային, թէ՛ ընդհանրապէս համայնքը եւ թէ մասնաւորապէս Ֆէրիգիւղի ընտանիքը պիտի կարողանան ձգտիլ շատ աւելի լայն հորիզոններու՝ որպէսզի մեր նոր սերունդը հասնի համայնքային վարժարաններու մթնոլորտին մէջ եւ ապագային ըլլայ հաղորդ մեր ժառանգութեան, լեզուին ու մշակոյթին։

Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ այս տարուայ սիրոյ սեղանի ծախսերն ալ կը դիմագրաւուին Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլի կողմէ, որ տարիներէ ի վեր զօրակցութեան առարկայ կը դարձնէ Մէրամէթճեան վարժարանը։

Ֆէրիգիւղի այս տարուան պիւտճէի բացը կը մօտենայ շուրջ 1 միլիոն 500 հազար լիրայի մակարդակին։ Սա ահաւոր գումար մըն է եւ այդ պիւտճէի ամբողջութեամբ հաւասարակշռումը գրեթէ անկարելի կը համարուի։ Երկար տարիներէ ի վեր Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանին ժամանակ յայտարարուած բացը ամբողջութեամբ չի հաւասարակշռուիր։ Թաղային խորհուրդը կը պարտաւորուի պարտքերը յետաձգել, վճարումները վերաձեւակերպել եւ ժամանակ շահիլ մինչեւ յաջորդ սիրոյ սեղանը։ Ընթացքին թաղականները նաեւ իրենց անձնականէն զոհողութիւններ կ՚ընեն, որպէսզի ընդհանուր երթին մէջ կաղացումներ չըլլան։ Այս առաւօտեան զրոյցի ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանները սովորաբար նոյեմբերին կը զուգադիպէին, սակայն այս տարի հոկտեմբերին կը կազմակերպուի՝ որովհետեւ անհրաժեշտ դարձած է այդ մէկ ամիսը շահիլ, այսինքն նիւթական հաւասարակշռութիւնները զգալիօրէն դժուարացած են դժբախտաբար։

Բնականաբար, թաղի կարիքներու պարագային առաջին հերթին հաշուի կ՚առնուին դպրոցի խնդիրները, սակայն Ֆէրիգիւղ իրականութեան մէջ այդքանով սահմանափակ չէ։ Երգչախումբէն սկսեալ միւս բոլոր յարակից մարմինները, մանաւանդ աղքատախնամը նոյնպէս մեծ աշխատանք կը տանին եւ անոնց գործունէութիւնն ալ պէտք է կայունութեան նուազագոյն երաշխիքներ ունենան։ Ասով հանդերձ, ամէն տարի երբ սիրոյ սեղաններու հանգանակութեան արդիւնքը ակնկալուած մակարդակին չի հասնիր՝ միւս յարակից մարմիններն ալ շարժման կ՚անցնին՝ որպէսզի կարելի չափով իրենք ալ աջակցին դպրոցին։

Տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ յաջողութիւն կը մաղթենք Ֆէրիգիւղի ընտանիքին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018