Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՆԱԽԱՃԱՇԵՐ

Սարգիս Կիւրեղ կը տեղեկացնէ.-

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութիւնը սկսած է ամէն կիրակի կազմակերպել նախաճաշեր։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ նախատեսուած այս հանդիպումները առիթ կը հանդիսանան Դպրեվանքի զանազան սերունդներէ սաներու համախմբման։ Միութեան վարչութիւնը համոզուած է, թէ այսպէսով շրջանաւարտներու կապերը պիտի ամրանան թէ՛ միութեան եւ թէ դպրոցին հետ։ Նախաճաշի հաւաքոյթներուն սաները կը մասնակցին ըստ իրենց ընթացաւարտութեան տարեշրջաններուն։

Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութիւնը կը ծրագրէ նաեւ ոգեկոչման հանդիսութիւններ կազմակերպել անդարձ բաժնուած դպրեվանքցիներուն համար։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019