ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ «ՄՈՒՍ ՄՈՒԹ» ՀԱՄԵՐԳ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ

Գումգաբուի մէջ երէկ երեկոյեան յատկանշական ու շատ որակեալ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի։ «Karanlık İşler» խումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Նուրի Քայայի կողմէ գլխաւորուած այս խումբը ցայսօր զանազան վայրերու մէջ «Մուս մութ» ութ համերգ կազմակերպած էր ի յիշատակ Կոմիտաս Վարդապետի։ Երէկուանը 9-րդն էր, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպած այս 9-րդ համերգը արդէն եկաւ շարքը հասցնել իր աւարտին։ Երէկուան համերգին ժամանակ յայտարարուեցաւ, որ «Մուս մութ» համերգներու այս շարքը այլեւս ապագային պիտի շարունակուի արտասահմանի մէջ։

Երէկուան ձեռնարկը պատուեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, մեր համայնքէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր եւ երաժշտասէրներ։

Ձեռնարկի գեղարուեստական ղեկավարն էր յայտնի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որ երեկոյթի սկիզբին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Այս առթիւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռին, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ գործող «Մեսրոպ Բ.» մշակոյթի կեդրոնի պատասխանատուներուն։

Համերգի մասնակիցները նախ հաւաքուեցան «Պէզճեան» սրահին մէջ, ուր ամբողջովին մութի մէջ սարքուած էր ընդունելութիւն մը։ Միայն սեղանները որոշ չափով լոյս կը սփռէին եւ այս խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ ներկաները ընդունելութեան ժամանակ զրոյց ունեցան իրարու հետ եւ աւելի վերջ անցան Որդւոց Որոտման տաճարը, ուր այս անգամ այդքան լոյս ալ չկար եւ ամբողջ երեք ժամ «Մուս մութ» համերգի յայտագրին հետեւեցան մագնիսացած ուշադրութեամբ։ Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին արուեստագէտներու այն հսկայ խումբը, որ մասնակցութիւն բերած էր այս ծրագրին։

Համերգի աւարտին երեկոյթի փակման խօսքը արտասանեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2019