ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կիւլիզար Արթուչի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը, որուն մաս կազմեցին նաեւ միութեան բարերարներէն Հրաչ Քըրմըզեան եւ գործակիցներէն Վետաթ Աքչայէօզ եւ Փերիհան Եիւճէլ։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրուեցան երկու նոր գիրքեր, որոնց մասին տեղեկութիւններ ներկայացուց ՀԱՅՃԱՐ-ի անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզ։ Այդ գիրքերէն առաջինն էր Հրաչ Քըրմըզեանի յուշերուն թրքերէն թարգմանութիւնը, որ վերջերս լոյս տեսաւ «Արաս» հրատարակչութենէն։ Միւս գիրքն էր պատմական Անի քաղաքին մասին մեծածաւալ հատոր մը, որ նոյնպէս վերջերս լոյս տեսած է։ Այս գործին հեղինակն է Վետաթ Աքչայէօզ, հրատարակչական աշխատանքները համակարգած է Փերիհան Եիւճէլ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս նոր հրատարակութիւնները ի ձեռին ունենալու բերումով եւ բարձր գնահատեց թէ՛ հեղինակները եւ թէ՛ բոլոր անոնք, որոնք այս նախագծերուն նպաստած էին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022