ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Այսպէս, Եշիլգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները այս այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը դեկտեմբերի 17-ին նախատեսուած եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան ու մատաղօրհնութան հանդիսութեան։

Իր կարգին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին, նաեւ տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։ Ան ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութեանց մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023