ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց նախկին երեսփոխան, իրաւաբան Սելինա Տողանը։ Զրոյցի ընթացքին Սելինա Տողան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն քաղաքապետի թեկնածու պիտի առաջադրուի կղզիներու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Սելինա Տողանին եւ տուաւ իր օրհնութիւնները։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023