ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2018 թուականը դիմաւորուեցաւ մեծ հրճուանքով։ Դպրոցէն ներս կազմակերպուած Կաղանդի հանդէսը պատրաստուած էր մեծ բծախնդրութեամբ։ Երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Սուսմաք Քաթրանճըօղլու եւ պարուսոյց Կարին Մարտիկեան մարզած էին տղաքը, որոնք ներկայացուցին խմբերգներ՝ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան բնորոշ։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ երգերով, պարերով, արտասանութիւններով եւ թատերակներով։ Աւարտին, դպրոցի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ փոխանցեց Ամանորի առթիւ։ Այսպէսով Թոփգաբուի ընտանիքը Ամանորը թեւակոխեց ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, Սուրբ Ծննդեան տաղաւարի մեծ աւետիսով։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018