ԳՆԴԱԿԸ ԴԱՐՊԱՍԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ներկայ տարեմուտին ծաւալուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ «Օրակարգէ դուրս» հեռատեսիլի հաղորդաշարէն։ Այս առթիւ ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ընթացքին։ Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի մինչեւ յառաջիկայ գարուն առ ոչինչ հռչակել 2009 թուականին Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած այդ փաստաթուղթերը Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ պիտի չեղարկուին եւ այս առթիւ միջոցէ մը ի վեր Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ ծագած է սուր բանավէճ մը։ Այս մթնոլորտին մէջ, Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց, որ այսօր կարելի է ըսել, թէ գնդակը կը գտնուի Թուրքիոյ դարպասին մէջ։ Իր յայտարարութիւններուն ժամանակ նախարարը մեկնաբանեց նաեւ տարածքաշրջանի ուղղեալ Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնները։ Իր խօսքերով, Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու նախապայմաններու շղարշին տակ Թուրքիա կը փորձէ թաքցնել իր անկարողութիւնը։ Այս քննադատական մօտեցումի լոյսին տակ Նալպանտեան ըսաւ. «Սա է իրականութիւնը։ Եթէ այս վերջին ութ տարիներու ընթացքին բոլորը, միջազգային հանրութեան կ՚ըսէր, որ գնդակը կը գտնուի Թուրքիոյ դաշտին մէջ, ապա այսօր կարելի է ըսել, որ գնդակը կը գտնուի Թուրքիոյ դարպասին մէջ»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հարցազրոյցի ընթացքին Նալպանտեան անդրադարձաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած վերջին ելոյթին։ Սա այն ելոյթն էր, որու ընթացքին Սերժ Սարգսեան յայտարարեց արձանագրութիւններու չեղարկման մասին։ Ըստ Նալպանտեանի, Սերժ Սարգսեան կոշտ յայտարարութիւններով հանդէս չէ եկած ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան շարունակեց. «Սա իրականութենէն բխած յայտարարութիւն մըն էր։ Որովհետեւ առաջին անգամ իր նոր պատմութեան մէջ Թուրքիա առերեսուեցաւ ինքնիշխան եւ ոտքերու վրայ ամուր կանգնած Հայաստանի հետ։ Թուրքիան էր, ոչ թէ մեր երկիրը, որ հրաժարեցաւ Հայաստանի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացումէն եւ այն պարտաւորութիւններէն, որոնք Թուրքիան ձեռք բերած էր միջազգային հանրութեան աչքերուն առջեւ։ Հայաստան մնաց իր բարձունքին վրայ, որովհետեւ կարողացաւ մինչեւ վերջ յառաջ տանիլ իր նախաձեռնած այս գործընթացը։ Իսկ Թուրքիան, որ տարածքաշրջանային կամ նոյնիսկ աւելի նկրտումներ ունի, ուժ չգտաւ իր մէջ վեր կանգնելու այդ բարդոյթներէն, նախապաշարումներէն»։

Բաց աստի, Նալպանտեան ունի այն համոզումը, թէ Թուրքիոյ հետ արձանագրութիւններու ստորագրումով ի հարկէ Հայաստան արձանագրած է յաջողութիւն մը։ Այդ յաջողութիւնը թէեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման իմաստով չէ, բայց մի գուցէ, եթէ թրքական կողմը կարողանայ ընթանալ իսկապէս առանց նախապայմաններու եւ տրամադրուած ըլլայ հաւասար-հաւասարի հետ բանակցութիւններ վարելու, ինչպէս որ եղած են այս բանակցութիւնները, որովհետեւ առաջին անգամ պատմութեան մէջ, Թուրքիա որեւէ բան չէր պարտադրեր Հայաստանին, այլ Հայաստան առաջարկած էր՝ ինչ հիման վրայ բանակցիլ։ Մնաց որ, Նալպանտեանի խօսքերով, այն ինչ որ կատարուած է, օր մը այդ հիման վրայ հնարաւոր պիտի ըլլայ շարունակել։ Ան շարունակեց. «Թրքական կողմը այս բանակցութիւնները կը վարէր մեր իսկ առաջարկներուն հիման վրայ եւ ի վերջոյ եկաւ, ստորագրեց այդ արձանագրութիւնները բազմաթիւ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Եւրոմիութեան, Եւրոխորհուրդի ներկայացուցիչներու, հարիւրաւոր լրատուամիջոցներու ներկայութեամբ, բայց յաջորդ օրը սկսաւ ետքայլ ընել։ Այսինքն, Հայաստան մնաց իր բարձունքին վրայ եւ սա նաեւ աւելցուց մեր նկատմամբ վստահութիւնը, մեր հեղինակութիւնը միջազգային հանրութեան աչքին։ Իսկ ի՞նչ ստացաւ Թուրքիա»։

Հարցազրոյցին ժամանակ Եդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ Թուրքիա չի կարողանար լսել եւ ըմբռնել, թէ ի՞նչ կ՚ըսէ միջազգային հանրութիւնը ու շատ անգամ կը յայտնուի մենախօսութեան վիճակի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018