ԷՐՏՈՂԱՆ ՖՐԱՆՍԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Նոր տարուան առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը պիտի իրականացնէ դէպի Ֆրանսա։ Այսպէս, ան 5 Յունուարին պիտի այցելէ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան առանձնազրոյց մը պիտի ունենայ Մաքրոնի հետ, իսկ աւելի վերջ երկու նախագահները պիտի գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գայ Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներ, Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։ Էրտողան եւ Մաքրոն պիտի շօշափեն նաեւ այն զարգացումները, որոնք յաջորդեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմի՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչմամբ։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018