ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔ

Իրանի մէջ վերջին օրերուն կ՚ապրուին ներքին խռովութիւններ։ Մեշհէտ քաղաքէն ներս՝ կեանքի սղութեան դէմ բողոքելու համար ծնունդ առած ցոյցերը տարածում գտան նաեւ երկրի այլ քաղաքներուն մէջ։  Իրանի արեւմուտքի Տորուտ քաղաքին մէջ նախընթաց գիշերուան ցոյցերուն ընթացքին եղան զոհեր։ Ընդհանուր առմամբ, Իրանի պաշտօնական հեռուստակայանի հաղորդումներով, վերջին հինգ օրերուն ընթացքին ցոյցերու ժամանակ մահացածներու թիւը հասած է տասի։ Պետական հեռուստակայանէն հանդէս եկած պաշտօնատար մը յայտնեց, որ զոհերը սպաննուած են ոչ թէ Իրանի ոստիկանութեան, այլ՝ օտար գործակալներու կողմէ։ Իրանի Ներքին գործոց նախարար Ապտիւլրահման Րահմանի Ֆազլի յայտնեց, որ ցուցարարները վախ, բռնութիւն եւ ահաբեկչութիւն կը տարածեն քաղաքներէն ներս, ուստի իրաւապահ մարմինները պիտի փոխադարձեն խիստ ձեւով։ Յեղափոխութեան պաշտպաններու հրամանատար Իսմայիլ Քովսարի յայտնեց, որ ցուցարարները քաղաքական լոզունգներով հանդէս կու գան ու կը հրկիզեն անհատներու սեփականութիւնները։ Ըստ իրեն, եթէ այդ ցուցարարները գիներու բարձրացման պատճառով փողոց դուրս եկած էին, ապա այդ լոզունգներով հանդէս պիտի չգային եւ հրկիզումներ պիտի չընէին։ Մինչ այդ, Իրանի մէջ սահմանափակուած է ընկերային ցանցերու օգտագործումը։

Մեշհէտը Իրանի մեծագոյն երկրորդ քաղաքն է։ Այնտեղ ծնունդ առած բողոքները տարածում գտան երկրի տասնեակ մը այլ քաղաքներուն մէջ։ Թեհրանի համալսարանին առջեւ հաւաքուած ցուցարարներ ալ զօրակցութիւն յայտնեցին այդ բողոքի ալիքին։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իրանէ ներս այդ բողոքի ալիքը բռնկած է՝ շարք մը ելմտական ընկերութիւններու սնանկացման ազդեցութեամբ։ Այդ ելմտական ընկերութիւններու գրեթէ բոլորը կը պատկանին պահպանողական շրջանակներուն եւ անոնց սնանկացումը պատճառ դարձած է, որ միլինաւոր անձեր տուժեն երկրին մէջ։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Թեհրանի, բազմաթիւ քաղաքներու մէջ սնանկացան շուրջ վեց հազար ելմտական ընկերութիւններ։ Վնաս կրողները ցայսօր կարգ մը լոզունգներով որոշ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէին։ Կ՚ենթադրուի, որ Իրանի մէջ այս ձեւով տուժածներու թիւը կը հասնի քանի մը միլիոնի։ Պետական ու կառավարական կառոյցները որեւէ ձեւով չմիջամտեցին այդ ցոյցերուն՝ որքան ատեն որ չէին մեծնար։ Ներկայիս այդ սնանկութիւններուն հետեւանքով վնաս կրածներու ներդրումներու ապագան կը մնայ անստոյգ։

Իրանի կառավարութիւնը ընդունած է միայն հատուցել՝ երկրի Կեդրոնական դրամատան երաշխաւորութեան տակ գործող ընկերութիւններու պարտքերը։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց ցուցարարներուն ի նպաստ։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018