ՄԱԷՍԹՐՈՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍ

Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յովաննէս Չեքիճեան ներկայ տարեմուտին արժանացաւ երկրի բարձրագոյն կոչման։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ մաէսթրոյին շնորհուեցաւ «Հայաստանի ազգային հերոս»ի կոչումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախագահի հրամանագրին մէջ այս կապակցութեամբ նշուած է հետեւեալը. «Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու ազգանուէր գործին մէջ դրսեւորած անմնացորդ նուիրումի, մշակոյթի բնագաւառէն ներս ներդրած անձնական մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար ժողովրդական արուեստագէտ Յովհաննէս Յարութիւնի Չեքիճեանին շնորհել «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչում՝ յանձնելով Հայրենիքի շքանշան»։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018