ՈԳԵՒՈՐ ՏԱՐԵՄՈՒՏ

Համայն մարդկութիւնը երէկ մեծ հրճուանքով եւ խաղաղութեան համատարած մաղթանքով ողջունեց 2020 թուականի գալուստը։ Տարեմուտը ոգեւոր էր իսկապէս՝ մինչ բոլորը համակուած էին ուրախութեամբ եւ լաւատեսութեամբ։

Թուրքիան Նոր տարին ողջունեց՝ երկրի բոլոր քաղաքներէն ներս ստեղծուած տօնական մթնոլորտով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ հրապարակեց պատգամ մը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ երէկուան բաղդատմամբ Թուրքիա այսօր իր ապագան կը դիտարկէ շատ աւելի մեծ վստահութիւնով եւ յոյսերով։ Նախագահը մաղթեց, որ 2020 թուականը թուրք ազգին ու համայն մարդկութեան համար բերէ խաղաղութիւն, անդորրութիւն եւ բարօրութիւն։ Ան շեշտեց նաեւ, որ երկրի մեծագոյն ուժն է միասնականութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Էրտողան յիշեցուց նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ անցեալ տարի արձանագրուած ձեռքբերումները եւ յոյս յայտնեց, թէ 2020 թուականին Թուրքիա պիտի քաղէ տարիներէ ի վեր մղած պայքարին ու կատարած զոհողութիւններուն, ներդրած վաստակին պտուղները։

Ամանորը Հայաստանի եւ համայն հայաշխարհէն ներս եւս առիթ հանդիսացաւ յուզումի եւ տօնական մթնոլորտի։ Քաղաքամայր Երեւանի լուսաշող կեդրոնին մէջ աննկարագրելի միջավայր մը ստեղծուած էր։ Բոլոր հրապարակները հանդիսացած էին ժողովուրդի ժամադրավայրը։ Երեւանի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը համահունչ էր հայաշխարհի աւանդական խանդավառութեան։

Թրքահայութիւնն ալ 2020 թուականի տարեմուտին ըմբոշխնեց տօնական շրջանի զգացումներուն առթած տպաւորութիւնը։ Մեր համայնքի զաւակները զիրար շնորհաւորեցին եղբայրութեան ոգիով եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններով։ Համայնքային զանազան երդիքներու տակ կամ մեր համայնքի անդամներուն կողմէ կազմակերպուած տարեմուտի ընթրիքներն ալ անցան փայլուն եւ արդարացան բոլոր առումներով։ Թրքահայութիւնը երջանիկ էր նաեւ այն պատճառով, որ աւելի քան տասն տարի վերջ նորընտիր պատրիարքի մը աղօթքով մուտք կը գործէր նոր տարիի մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020