ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԾԱՒԱԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ այս օրերուն Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները աչքէ անցընելու նպատակով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս նպատակով թրքական պատուիրակութիւն մը մեկնած է Մոսկուա, ուր ձեռնարկած է հանդիպումներու։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան եւ այլ պատկան կառոյցներու կողմէ պաշտօնատարներ, որոնք կը մէկտեղուին իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն հետ։ Սոչիի համաձայնութեան ծիրէն ներս բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, դաշտի վրայ ստեղծուած ներկայ վիճակը, մասնաւորապէս Իտլիպի կացութիւնը։

Յառաջիկայ շրջանին նախատեսուած է Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ եռակողմանի գագաթաժողով մը, Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման շուրջ։ Այդ գագաթաժողովին ընդառաջ տեղի կ՚ունենան Մոսկուայի այս քննարկումները, որոնց օրակարգին վրայ է նաեւ երեք նախագահներու մօտալուտ հանդիպումը։ Թրքական պատուիրակութիւնը Մոսկուայի մէջ պիտի մնայ մինչեւ կիրակի։

Հարկ է յիշեցնել, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անցեալ շաբաթ Մոսկուայի մէջ տեսակցած էր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019