ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՏՈՒԿ ԴԵՍՊԱՆ

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը պիտի ունենայ սփիւռքի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան մը, որ պիտի ըլլայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ներկայացուցիչը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այս նիւթին անդրադարձաւ Քէօլնի մէջ, գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։ Վարչապետը համոզուած է, թէ Սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները պէտք է վերաբաշխուին։

«Օրինակ, Սփիւռքի նախարարութիւնը մշտապէս արտերկրի հայկական կրթօճախներուն համար կ՚ուղարկէր դասագրքեր, բայց սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստումը կ՚իրականացնէր Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը։ Եւ մենք յաճախ կ՚ունենանք իրավիճակներ, երբ ուսուցիչները կը վերապատրաստուին նախարարութեան մը ծրագրի շրջանակներէն ներս, իսկ դասագրքեր կը ստանան այլ նախարարութեան մը կողմէ։ Իբրեւ հետեւանք այդ դասագրքի օգտագործումը եւ ուսուցիչներու վերապատրաստումը կը դառնայ անարդիւնաւէտ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ ներկայիս Հայաստանի կառավարութեան կառուցուածքը կը վերաձեւաւորուի եւ այստեղ ամբողջ նպատակը հետեւեալն է՝ իւրաքանչիւր գործառոյթով պէտք է զբաղի մէկ մարմին։ Վարչապետը բացատրեց, որ նման խնդիրներ խնդրոյ առարկայ են նաեւ մշակոյթի ոլորտէն ներս։ «Քաղաքականութեան անկիւնաքարը պէտք է ըլլայ սփիւռքի եւ Հայաստանի հայու ինքնութիւնը իրար մօտեցնելը», աւելցուց Փաշինեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան նշեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները պէտք է վերաբաշխուին։ «Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանը ընելիք ոչինչ կ՚ունենայ՝ բացի սփիւռքի վերաբերեալ հարցերը հաւաքելէ, լուծումներու վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացնելէ եւ վարչապետի միջոցաւ այդ լուծումները իրականացնելէ։ Հետեւաբար, մտածեցինք Սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները տեղաբաշխել ըստ ճիւղային նախարարութիւններու, իսկ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու պարագային ունենալ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան մը, որ պիտի աշխատի վարչապետի աշխատակազմէն ներս՝ վարչապետի անմիջական ղեկավարութեամբ», նշեց Նիկոլ Փաշինեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019