ՄԱԿ-Ի ԿՈՂՄԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉԵՐ

Սու­րիոյ հրա­դա­դա­րը կը շա­րու­նա­կէ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն յայ­տա­րա­րեց, որ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր առ­մամբ կը պահ­պա­նուի Սու­րիոյ մէջ, հա­կա­ռակ տե­ղի ու­նե­ցած շարք մը դէպ­քե­րուն։ «Մեծ հա­շուով, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դադ­րեց­նե­լու դրու­թիւ­նը կը պահ­պա­նուի, հա­կա­ռակ այն հան­գա­ման­քին, որ մենք ար­ձա­նագ­րած ենք քա­նի մը մի­ջա­դէ­պեր», ը­սաւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը՝ Սու­րիոյ ա­ջակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տի սկսե­լէն ա­ռաջ։ Ըստ ի­րեն, Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին աշ­խա­տան­քա­յին խում­բը կը փոր­ձէ հա­մո­զուիլ, որ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը կրնայ շա­րու­նա­կուիլ։

Հարկ է յի­շեց­նել, թէ Պան Քի Մուն ա­ւե­լի ա­ռաջ յայ­տա­րա­րած էր, որ ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի բա­նա­ձե­ւի ի­րա­կա­նա­ցու­մը դար­ձած է լա­ւա­գոյն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը երկ­րէն ներս բռնու­թեան մա­կար­դա­կը նուա­զեց­նե­լու հա­մար։

Պան Քի Մուն Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, թէ աշ­խա­տանք­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին՝ կան­խե­լու հա­մար բա­խում­նե­րուն տա­րա­ծուի­լը։ Թէ՛ մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու տեղ հաս­ցուե­լուն եւ թէ դաշ­տի վրայ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան մթնո­լոր­տի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ է առ­նուազն եր­կու շա­բաթ այդ հրա­դա­դա­րին շա­րու­նա­կուի­լը։ Պան Քի Մու­նի հա­մոզ­մամբ, այդ եր­կու շաբ­թուան ժա­մա­նա­կաշր­ջանն ալ պէտք է եր­կա­րաձ­գել։ Հե­տե­ւա­բար, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը բո­լոր կող­մե­րուն կոչ ուղ­ղեց՝ որ­պէս­զի հնա­զան­դին Սու­րիա­յէ ներս բա­խում­նե­րը կա­սեց­նե­լու ուղ­ղեալ հա­մա­ձայ­նու­թեան։

Միւս կող­մէ, Սու­րիոյ գծով ՄԱԿ-ի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տան­քա­յին խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ։ Պան Քի Մուն յի­շե­ցուց, որ Ժը­նե­ւի մէջ Սու­րիոյ վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Մար­տի 7-ին, հե­տե­ւա­բար հա­կա­մարտ բո­լոր կող­մե­րը պէտք է յար­գեն ի­րենց խոս­տում­նե­րը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016