ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ ՇՈՒՏՈՎ ԽԱՆՈՒԹ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՄԱՅԱՄԻԻ ՄԷՋ

Ար­հես­տի եւ գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խար­հէ ներս միշտ կը փայ­լի Սե­ւան Պը­չաք­ճըի աստ­ղը։ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Օս­քար»ի 88-րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւնն ալ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ՝ որ­պէս­զի Սե­ւան Պը­չաք­ճըի ա­նու­նը հեր­թա­կան ան­գամ օ­րա­կար­գի վրայ գայ՝ ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լիօ­րէն հե­տաքրք­րա­կան եւ ինք­նու­րոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նով մը։ Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կա­ցի յայտ­նի ա­րուես­տա­գի­տու­հի Ու­հու­փի Կոլտ­պերկ կրած է Սե­ւան Պը­չաք­ճըի կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծուած մա­տա­նի մը։ Պո­ղի­պո­դի (ահ­թա­փոթ) տես­քով այդ մա­տա­նին ար­դէն ծած­կած էր յայտ­նի ա­րուես­տա­գի­տու­հիին ամ­բողջ աջ ձեռ­քը։ Մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­գեց­նե­լու նպա­տա­կով ան տե­ղե­կա­ցուց, թէ այդ մա­տա­նին ստեղ­ծա­գոր­ծուած է Սե­ւան Պը­չաք­ճըի կող­մէ եւ ա­նոր շի­նու­թիւ­նը տե­ւած է ա­ւե­լի քան տա­րի մը։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղա­կան մա­մու­լը այ­սօր հեր­թա­կան ան­գամ ու­շադ­րու­թիւն կը կեդ­րո­նաց­նէ Սե­ւան Պը­չաք­ճըին ու մա­նա­ւանդ ոս­կեր­չու­թեան ու թան­կար­ժէք քա­րե­րու աշ­խար­հէն ներս իր ար­ձա­նագ­րած մեծ ոս­տու­մին վրայ։ Ան Գոց շու­կա­յէն հա­սած վար­պետ մըն է ու ներ­կա­յիս նուա­ճած է իր ընդգր­կած աս­պա­րէ­զին բար­ձունք­նե­րը։

Սեւան Պըչաքճը ներկայիս մեր համայնքին տեսակէտէ ալ եզակի դէմք մըն է, որու անձին մէջ կը խորհրդանշուին Գոց շուկայի հայ վարպետներու ստեղծագործական հարուստ աւանդութիւնները։

Թեր­թե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, որ Սե­ւան Պը­չաք­ճը կը պատ­րաս­տուի մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին խա­նութ մը բա­նալ Մա­յա­միի մէջ, իբր այդ, պի­տի ճամ­բոր­դէ դէ­պի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016