ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑ

Եւ­րո­միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի ներ­կա­յիս տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով ան շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Պա­քուի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, շրջա­գա­յու­թեան ըն­դա­ռաջ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի յայ­տա­րա­րեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը Եւ­րո­միու­թեան գլխա­ւոր ա­ռա­ջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին է։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րը պէտք է կամք դրսե­ւո­րեն՝ մօ­տեց­նե­լով խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման պա­հը։ Ըստ եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րին, ան­ցեալ տա­րի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ կ՚ի­րա­ռուած է ծանր սպա­ռա­զի­նու­թիւն, իսկ ներ­կա­յիս անվս­տա­հու­թիւ­նը եր­կու կող­մե­րու վրայ ալ թանկ կ՚ար­ժէ։ Մինչ­դեռ, խա­ղա­ղու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ սահ­ման­նե­րու բաց­ման, պի­տի նպաս­տէ կա­պե­րու եւ ա­ռեւ­տու­րի զար­գաց­ման։ «Խա­ղա­ղու­թիւ­նը այս տա­րած­քաշըր-ջա­նը կրնայ դարձ­նել Ա­սիոյ եւ Եւ­րո­պա­յի բար­գա­ւա­ճող դար­պաս­նե­րը», ը­սաւ Մո­կե­րի­նի։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի այսօր ժամանեց Ե­րե­ւան։ Նալ­պան­տեան եւ Մո­կե­րի­նի ունեցան հանդիպում մը եւ կը սար­քեն հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը կը հիւ­րըն­կա­լուի նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Նա­խա­տե­սուած է նաեւ հան­դի­պում մը քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի այ­սօ­րուան այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ հան­դէս ե­կան զա­նա­զան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով։ Ըստ մեկ­նա­բան­նե­րուն, Մո­կե­րի­նիի այ­ցե­լու­թիւ­նը վկա­յու­թիւն մըն է, թէ Ե­րե­ւան կը հասկ­նայ Եւ­րո­միու­թեան հետ նախ­կին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Հա­յաս­տան-ԵՄ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը խա­թա­րուե­ցաւ, երբ կող­մե­րու մի­ջեւ հա­մարկ­ման պայ­մա­նա­գի­րը եւ ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի գօ­տիի ստեղծ­ման վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րել հնա­րա­ւոր չե­ղաւ՝ Հա­յաս­տա­նի Եւ­րոա­սիոյ Տնտե­սա­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Այդ ո­րո­շու­մէն ի վեր Ե­րե­ւան եւ Պրիւք­սէլ կը ջա­նան նոր հար­թու­թեան մը վրայ դնել ի­րենց կա­պե­րը ու կը ջա­նան ստեղ­ծել նաեւ այս նպա­տա­կով ի­րա­ւա­կան նոր հար­թու­թիւն մը։ Վեր­ջերս պաշ­տօ­նա­պէս սկսած են նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի այ­սօ­րուան այ­ցե­լու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է նաեւ այն ա­ռու­մով, որ Հա­յաս­տա­նի ԵՏՄ-ի ան­դա­մակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ այս­քան բարձր մա­կար­դա­կով պաշ­տօ­նա­տար մը կը ժա­մա­նէ Ե­րե­ւան։

Դէ­տե­րու կար­ծի­քով, Մո­կե­րի­նիի այ­ցը մտա­ծել կու տայ, թէ ԵՄ այ­նուա­մե­նայ­նիւ ո­րոշ յոյ­սեր կը կա­պէ Հա­յաս­տա­նի հետ եւ ո­րոշ հե­տաքրք­րու­թիւն մը ու­նի ա­նոր նկատ­մամբ։ Իր կար­գին, Հա­յաս­տանն ալ կը հասկ­նայ, որ մի գու­ցէ նոյ­նիսկ հար­կադ­րա­բար, բայց պէտք է աշ­խա­տի Եւ­րո­պա­յի հետ ու վե­րա­կանգ­նէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կը։ Այս բո­լո­րէն վերջ հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րուի, որ կող­մե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­լիք նոր փաս­տա­թուղ­թը կըր-նայ ըլ­լալ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս­տեղ գլխա­ւոր պատ­ճառ­նե­րէն մին ալ այն է, որ ԵՏՄ-է ներս Հա­յաս­տան ո­րե­ւէ ար­դիւնք չի տես­ներ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ «tert.am» կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ քա­ղա­քա­գէտ Ստե­փան Գրի­գո­րեան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ա­յո, ի­րենք կը շա­րու­նա­կեն յոյ­սեր կա­պել Հա­յաս­տա­նին հետ եւ ակն­յայտ է, թէ ին­չո՛ւ։ Պատ­ճառ ա­ռա­ջին. Հա­յաս­տան իս­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի մասն է՝ ուր որ ալ մտնէ՝ ԵՏՄ կամ ԵՄ։ Ա­յո, մենք հին Եւ­րո­պա­յի մա­սը չենք, բայց մենք Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի մասն ենք, մենք քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ ենք, մենք ո­րե­ւէ հար­ցի մէջ խնդիր չենք յա­ռա­ջաց­ներ։ Նկա­տի ու­նիմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ա­պօ­րի­նի գաղ­թը։ Նաեւ լաւ գոր­ծըն­կեր ենք Եւ­րո­պա­յի հա­մար։ Սա է պատ­ճա­ռը, որ ա­նոնք կ՚ու­զեն աշ­խա­տիլ մե­զի հետ։ Բայց մենք ալ պէտք է հասկ­նանք, որ մեր քայ­լե­րով պէտք է խրա­խու­սենք Եւ­րո­պան։ Կ՚ու­զենք յի­շեց­նել, որ բա­ցի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ Եւ­րո­միու­թե­նէն, մե­զի ոչ ոք ելմ­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն կը տրա­մադ­րէր։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով մենք պէտք է ա­րա­գաց­նենք այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը եւ փաս­տա­թուղթ մը ու­նե­նանք ԵՄ-ի հետ»։

Հա­յաս­տա­նեան կարգ մը լրա­տուա­մի­ջոց­ներ ալ կը մատ­նան­շեն, թէ Մո­կե­րի­նիի այ­սօ­րուան այ­ցե­լու­թեան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի նաեւ Մոս­կուան։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­լէ ա­ռաջ Մո­կե­րի­նի ե­րէկ Պա­քուի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ մաս­նակ­ցե­ցաւ Հա­րա­ւա­յին կա­զի նրբանց­քի խորհր­դակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պուած երկ­րորդ ժո­ղո­վին։ Այս հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք՝ մա­նա­ւանդ, որ օ­րա­կար­գի վրայ էր նաեւ TANAP ծրա­գի­րը։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016