ՀԵՐԹԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ղեկավարութեան մէջ այս տարի տեղի պիտի ունենայ կարեւոր փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, յառաջիկայ աշնան կը նախատեսուի ՀԲԸՄ-ի առաջին դէմքի փոփոխութիւն։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը պատրաստուի իր հերթը փոխանցելու Սեմ Սիմոնեանին։

Աշխարհատարած կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնէն երէկ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը լայն արձագանգ գտաւ հայաշխարհին մէջ։ Այսպէս, ըստ ՀԲԸՄ-ի կանոնադրութեան, Պերճ Սեդրակեան տարիքի սահմանափակումներու բերումով պիտի լքէ Կեդրոնական վարչութեան նախագահի պաշտօնը։ Ան 22 տարիէ ի վեր ձեռնհասօրէն ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գլխաւորէր, իսկ 47 տարիէ ի վեր ալ մաս կը կազմէր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան։ Այս առումով Պերճ Սեդրակեան իսկապէս ՀԲԸՄ-ին եւ անոր միջոցաւ համայն հայութեան ծառայելու մրցանիշ մը կոտրած է։ Ան զոհողութեան եւ նուիրումի, յանձնառութեան եւ հեռատեսութեան ախոյեան մը կը համարուի՝ սփիւռքահայ այն գործիչներու շարքին, որոնք հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ իրենց հետքը թողած են։

Յառաջիկայ աշնան՝ հոկտեմբերի 12-ին, Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովը։ Հերթի փոփոխութիւնը համագումարի օրերուն պիտի պաշտօնականացուի եւ համագումարի մասնակիցներու վաւերացման պիտի յղուի։ Պերճ Սեդրակեան մինչեւ հոկտեմբեր պիտի շարունակէ պաշտօնավարել որպէս ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ եւ ընդհանուր ժողովէն վերջ իր հերթը պիտի փոխանցէ Սեմ Սիմոնեանին։ Այսպէսով Սեմ Սիմոնեան ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելիք ութերորդ դէմքը պիտի հանդիսանայ։ Իր կարգին, Պերճ Սեդրակեանն ալ մաս պիտի կազմէ ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդին։

Սեմ Սիմոնեան 2000-2019 թուականներուն եղած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Ներկայիս ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդին կ՚անդամակցի։ Կեանքի ընթացքին՝ որպէս գործարար, ճարտարագէտ եւ բարերար, իր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն զուգահեռ՝ ան աշխուժօրէն ներգրաւուած է ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան։ Սեմ Սիմոնեան եւ կողակիցը՝ Սիլվա Սիմոնեան Լիբանանի մէջ աւարտած են ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան տակ գործող հայկական դպրոցներ։ Սիմոնեանները հիմնադրած են ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը Հայաստանի մէջ։ Սա եղած է բեկումնային նախաձեռնութիւն մը, որ Հայաստանի մէջ յեղափոխած է արտադպրոցական կրթութեան ոլորտը՝ աշակերտներուն հնարաւորութիւն ընձեռելով իրենց ուժերը ինքնուրոյն փորձելու թեքնոլոժիի եւ տիզայնի ոլորտներուն մէջ։ ԹՈՒՄՕ-ի Հայաստանի մէջ սկսած ուղեւորութենէն վերջ, արդէն այլ ԹՈՒՄՕ կեդրոններ կամ մասնաճիւղեր հաստատուած են թէ՛ Հայաստանի զանազան մարզերուն եւ թէ ընդհանրապէս աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակին մէջ վերջերս գումարուած է գործադիր մարմնի ժողովը, որու ընթացքին քննարկուած եւ քուէարկութեան դրուած է յաջորդ նախագահի պարագան։ Պերճ Սեդրակեան այս արդիւնքի լոյսին տակ անդրադարձած է Սեմ Սիմոնեանի ընտրութեան։ «Անկասկած, Սեմ Սիմոնեան լաւագոյնս կը համապատասխանէ ՀԲԸՄ-ի նման լայնածաւալ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւնը ղեկավարելու պաշտօնին։ Ան ակնածանքով կը վերաբերի ՀԲԸՄ-ի ստեղծած աւանդին, կը հաւատայ անոր հիմնական առաքելութեան, սակայն կը գիտակցի, թէ մեծ յարգանք վայելող այս կազմակերպութեան բարգաւաճման համար փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է եւ զայն պէտք է իրականացուի մեծ պատասխանատուութեամբ ու ռազմավարական մօտեցմամբ։ Ես վստահ եմ, թէ Սեմ Սիմոնեան Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ պիտի ղեկավարէ ՀԲԸՄ-ը այն նոյն եռանդով ու վճռակամութեամբ, որ ինքը դրսեւորած է իր յաջող քարիէրի ընթացքին», ըսաւ Պերճ Սեդրակեան։

Կեդրոնական վարչութեան եւ Հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ առաջադրումը ընդունելէ վերջ Սեմ Սիմոնեանն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ հաւատին համար։ «Ես հպարտ եմ, թէ պիտի շարունակեմ աշխատանքը թիւով եօթ այնպիսի առաջնորդներու, որոնք ՀԲԸՄ-ի աւելի քան մէկ դարեայ հարուստ պատմութեան ընթացքին քալեցին իրենց ժամանակի իրադարձութիւններուն եւ պահանջներուն համընթաց, ՀԲԸՄ-ը հասցուցին այստեղ։ Պերճ Սեդրակեանի հետ սերտօրէն աշխատած եմ իր պաշտօնավարման ընթացքին եւ իր նկատմամբ յատուկ յարգանք կը տածեմ ՀԲԸՄ-ին մատուցած իր երկարամեայ նուիրեալ ծառայութեան համար։ ՀԲԸՄ-ի հետ մեր համագործակցութեան տարիներու ընթացքին Սիլվան եւ ես սերտ կապեր հաստատած ենք Վերայի եւ Պերճի հետ եւ անոնց հետ բարեկամութիւնը թանկ է մեզի համար», ըսաւ Սեմ Սիմոնեան այս առթիւ։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ 93-րդ համագումարը նախատեսուած է հոկտեմբերի 10-12 թուականներուն։ Ընդհանուր ժողովի վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւնները յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի հրապարակուին։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024