ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԿՍԻԼ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ «ԿԱԶՓՐՈՄ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ակնկալէ նոր բանակցութիւններու սկսիլ «Կազփրոմ» բնական կազի ընկերութեան հետ սակագնային հարցերու շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այս կապակցութեամբ նամակ մը ուղարկած է «Կազփրոմ»ի վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերին։ Հայկական կողմը կ՚առաջարկէ ռուսական ընկերութեան հետ բանակցութիւններ վարել՝ սահմանի վրայ բնական կազի սակագինի նուազեցման ուղղութեամբ։

Նամակին մէջ Մհեր Գրիգորեան մատնանշած է կանխատեսումներն ու համաշխարհային շուկայէն ներս ուժանիւթի աղբիւրներու ընթացիկ իրավիճակը՝ ներառեալ, քարիւղի եւ բնական կազի վերաբերեալ կացութիւնը։ «Արդէն ակնյայտ է, որ քորոնաժահրի հետեւանքները բացասական ազդեցութիւն կը գործէ մեր երկրի ընկերա-տնտեսական զարգացման վրայ եւ սա պատճառ պիտի դառնայ ուժանիւթի միջոցներու սպառման ծաւալի անկման։ Մենք, ի հարկէ, ամէն կերպ պիտի խթանենք արտադրութեան եւ սպառման աճը, սակայն յիշեալ միջոցառումներու արդիւնաւէտութեան համար անհրաժեշտ է ապահովել մրցակցային միջավայրեր։ Մենք բոլորս կը հասկնանք, որ Հայաստանի մէջ կազի գինը այս առումով ունի մեծ նշանակութիւն», նշուած է Մհեր Գրիգորեանի նամակին մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020