ՓԱԹՐԻՔ ՏԷՎԷՃԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԻ ՓԱՐԻԶԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ֆրանսահայ պետական-քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեանի յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ Նորոգ հանգուցեալ Տէվէճեան կը յուղարկաւորուի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն, որ կը գտնուի Մարէ թաղամասին մէջ։ Ֆրանսական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հանգուցեալի այրիին՝ Սոֆի Տէվէճեանի եւ չորս որդիներուն առընթեր շատ սահմանափակ թիւով անձնաւորութիւններ կը մասնակցին արարողութեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, նորոգ հանգուցեալ Փաթրիք Տէվէճեան հազիւ երկու տասնեակ յուղարկաւորներու մասնակցութեամբ կ՚ուղեւորուի անդենական։

Տէվէճեանի մահէն վերջ ցաւակցականներ հրապարակած էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ «Ֆրանսան եւ Հայաստանը կորսնցուցին իրենց լաւագոյն զաւակներէն մին», նշեց Արմէն Սարգսեան եւ յիշեցուց, որ Փաթրիք Տէվէճեան վառ քաղաքական գործիչ մը եւ անհատ մըն էր՝ շիտակ, կիրթ, պատասխանատու իր գործի եւ խօսքին մէջ։ «Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Փաթրիք Տէվէճեան դարձաւ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ճարտարապետներէն մին։ Հայաստանի զարգացումը իրեն համար առաջնային խնդիր էր, որուն ան կը նպաստէր իր յստակ ծրագրերով եւ գործողութիւններով», մատնանշեց Արմէն Սարգսեան Տէվէճեանի կորուստին առթիւ։

Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցականին մէջ անդրադարձ կատարեց Փաթրիք Տէվէճեանի երկարամեայ բեղուն գործունէութեան ու մեծ ներդրման՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան պետական-քաղաքական եւ հասարակական կեանքի զարգացման, ֆրանսահայ համայնքի յառաջընթացի, ինչպէս նաեւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման ու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ «Մենք ջերմութեամբ կը յիշենք Ֆրանսայի հայոց թեմ հովուապետական մեր այցելութիւններու ժամանակ, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգելոյս Փաթրիք Տէվէճեանի հետ մեր հանդիպումները, որոնց ընթացքին մենք միշտ զգացած ենք իր ազգասէր ու եկեղեցանուէր ոգին մեր ժողովուրդին ու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ օգտակարութիւն ու սատարում բերելու նախանձախնդրութիւնը։ Ցաւ է մեզի համար կորուստը մեծանուն հայորդիի», նշուած է Նորին Սրբութեան ցաւակցականին մէջ։

Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտնեց, որ Փաթրիք Տէվէճեան բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր եւ հայ-ֆրանսական բարեկամութեան կարեւորագոյն դերակատարներէն մին։ Հայաստանի վարչապետը շեշտեց, որ Տէվէճեան համոզումներու եւ սկզբունքներու տէր քաղաքական գործիչ մըն էր եւ իր մահը անամոքելի վիշտ մըն է հայ-ֆրանսական բարեկամութեան համար՝ մեծն Շարլ Ազնաւուրէն յետոյ։

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանն ալ ցաւակցականին մէջ դիտել տուաւ, որ Փաթրիք Տէվէճեան բացառիկ կերպար մըն էր բոլոր հայերու համար։ Սեդրակեան յիշեցուց, որ Փաթրիք Տէվէճեան չէր դադրած մարդու իրաւունքները պաշտպանելէ որպէս փաստաբան պաշտօնավարութեան ամբողջ շրջանին։ ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ հրապարակուած ցաւակցականին մէջ ալ մատնանշուեցաւ, որ զանազան յանձնառութիւններու շարքին՝ Փաթրիք Տէվէճեան հետեւողական եղած էր Հայաստանի զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, ֆրանսահայ աշխարհահռչակ ֆութպոլի աստղերէն Եուրի Ճորքայեւն ալ Փաթրիք Տէվէճեանի մահուան առթիւ վշտակցութիւն յայտնեց ընտանիքին։ «Մտքիս մէջ կը պահեմ իր անսահման անկեղծ եւ մշակոյթին նուիրուած տեսակը», յայտնեց Եուրի Ճորքայեւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020