ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԴԷՄ ՈՏՆԱՄԱՆՆԵՐ

Առողջապահական համակարգի աշխատողներու մեծամասնութիւնը աշխատվայրի մէջ կը կրեն Crocs մուճակներ, որոնք թեթեւ են ու յարմարաւէտ։

Ընկերութիւնը կ՚որոշէ օրական 10 հազար Crocs նուիաբերել բոյժ-աշխատողներուն, որոնք կը պայքարին քորոնաժահրի դէմ։

«Վերջերս մենք զրուցած ենք բոյժ-աշխատողներու, անոնց յարմարութիւններու եւ նոյնիսկ անոնց ընտանիքի եւ ընկերներու հետ եւ անոնք խնդրած են մեր մուճակներէն, քանի որ անոնք թեթեւ են եւ հեշտութեամբ կը մաքրուին», ըսաւ Crocs-ի գործադիր տնօրէն Էնտրու Ռիս։

Crocs (CROX) մուճակները կը պատրաստուին ռետինի նման ձուլուած ձգախէժէ։ Անոնք անջրանցիկ են եւ կարելի է հեշտութեամբ լուալ, ինչ որ առաւելութիւն է, քանի որ մարդիկ յատուկ նախազգուշական միջոցներ կը ձեռնարկեն՝ քորոնաժահրի տարածման պատճառով։

Crocs ընկերութիւնը նշած է, որ մուճակները արագ ձեւով կը յանձնեն հիւանդանոցներ եւ այլ հաստատութիւններ։ Աշխատողները ընկերութեան կայքէջին վրայ արձանագրուելով կրնան ստանալ իրենց անվճար մուճակները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020