ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ երէկ առաւօտ ստեղծուած տգեղ տեսարանը ստեղծեց լայն արձագանգ։ Ինչպէս ծանօթ է, երէկուան լուսաբացին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքը փակուած էր աղբի կոյտով։ Դէպքի մանրամասնութիւնները շուտով պարզուած էին եւ յայտնի դարձած էր, որ քաղաքական ծալք մը չունէր այս պատահարը։ Յամենայնդէպս, պետական աւագանին ցաւով ու փութով արձագանգեց այս իրադարձութեան։ Արդարեւ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ պարագային ստեղծուած տխուր տեսարանը մեր համայնքէն ներս ալ տեղի տուաւ անհանգստութեան։ Իշխանութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձուցին այս դէպքը, որ արձագանգ գտաւ նաեւ արտասահմանի մէջ։

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու երէկ երեկոյեան ժամերուն այս տգեղ պատահարին կապակցութեամբ հեռաձայնային կապ հաստատեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարը ցաւով անդրադարձաւ այն անախորժ դէպքին, որ երէկ առաւօտ տեղի ունեցած էր Գատըգիւղի մէջ՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ աղբամանի մը տապալման առընթեր, պատին վրայ ալ ազգայնապաշտ շեշտադրումով լոզունգ մը գրի առնուած էր։

Սիւլէյման Սոյլու ըսաւ, որ ցաւ զգացած էր այս դէպքին համար։ Նախարարը թէեւ կը գտնուէր արտասահման, սակայն անմիջական ուշադրութեամբ հետաքրքրուած էր բոլոր մանրամասնութիւններով։ Ոստիկանութիւնը արդէն ձերբակալած է ենթական, որ անհաւասարակշիռ անձ մըն է եւ ունի մտային խանգարում։ Նախարարը միեւնոյն ժամանակ մատնանշեց, որ ցաւալի պիտի ըլլայ՝ եթէ այս իրադարձութեան քաղաքական բնոյթ վերագրուի ոմանց կողմէ։

Նախարար Սոյլու Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատառման յանձնեց, որ անվտանգութեան բոլոր միջոցները առնուած են եւ համապատասխան համակարգը միշտ պատրաստակամ է ծառայութիւն մատուցելու՝ անխտիր բոլոր հայրենակիցներուն խաղաղութիւնը երաշխաւորելու համար։ Նախարարը ընդհանուր փոխանորդի միջոցաւ մեր համայնքի անդամներուն փոխանցեց իր ողջոյններն ու լաւագոյն մաղթանքը։

Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց պետական մարմիններու արագ արձագանգին եւ անձամբ նախարարին կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծելով պետական մարմիններու դրական մերձեցումը՝ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց պետական աւագանիի գործունէութեան համար։

Բաց աստի, երէկ յետմիջօրէին Գատըգիւղի գաւառապետ Տքթ. Մուսթաֆա Էօզարսլան այցելեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի հետ։ Գաւառապետը տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղեց տհաճ դէպքին շուրջ ու մանրամասնութիւններուն վերահասու դարձաւ ձեռնարկուած քննարկումներուն կապակցութեամբ։ Ատենապետ Արման Պիւքիւճեան խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց անվտանգութեան պաշտօնեաներուն կողմէ ցուցաբերուած մօտիկ հետաքրքրութեան ու մանաւանդ դէպքի լուսաբանման ուղղութեամբ իրակա-նացուած աշխատանքներուն համար։

Գաւառապետ Մուսթաֆա Էօզարսլան Արման Պիւքիւճեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին հեռաձայնով կապ հաստատեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ, որ անգամ մը եւս ցաւ յայտնեց դէպքին կապակցութեամբ։ Նախարարը հաւաստիացուց, որ պետական իշխանութիւնները աչալրջութեամբ կը հսկեն կացութիւնը եւ անհրաժեշտ քննարկումները կը կատարուին մանրակրկիտ ձեւով։

Նախարար Սոյլուէն վերջ գաւառապետ Մուսթաֆա Էօզարսլան հեռաձայնով կապ հաստատեց նաեւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ, որ եւս ցաւ յայտնեց տհաճ դէպքին շուրջ եւ ողջոյններ յղեց թաղային խորհուրդին ու եկեղեցւոյ համայնքին։

Իր կարգին, ատենապետ Արման Պիւքիւճեանն ալ յանուն Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ թաղեցի հաւատացեալ ժողովուրդին՝ երախտագիտութիւն յայտնեց պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ ցուցաբերուած անմիջական հետաքրքրութեան համար։ Ատենապետը այս առթիւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց բոլոր պատասխանատուներուն՝ հանրանուէր ծառայութիւններու ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018