ԹԱՇՔԵՆԹԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թաշքենթ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոյեւի կողմէ։ Շփումներուն ընթացքին իրեն ընկերացաւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Թաշքենթի մէջ երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Անոնք մասնակցեցան նաեւ Թուրքիա-Էօզպեքիստան գործարար ֆորումին։

Թաշքենթի մէջ Էրտողան յայտարարեց, որ երկու երկիրները կը նախատեսեն 5 միլիառ տոլարի մակարդակին բարձրացնել իրենց առեւտուրի տարեկան ծաւալը։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018