ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Յեղափոխական ալիքով պայմանաւորուած շուրջ քսան օրերու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այսօր յատուկ օրակարգով նիստ մը կը գումարէ։ Սա միեւնոյն ժամանակ քաղաքականութեան վերադառնալու դուռ կը բանայ։ Հայաստանի ներքին քաղաքական հը-րատապ օրակարգի պայմաններուն ներքեւ վրայ հասած է բախտորոշ նոր փուլ մը, որով պէտք է ընտրուի երկրին նոր վարչապետը։ Միջազգային հանրութիւնն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Ակնյայտ է, որ յարափոփոխ է Երեւանի քաղաքական կլիման եւ այս օրերու զարգացումները կը համարուին բախտորոշ։ Միջազգային յառաջատար դերակատարներու մայրաքաղաքներէն՝ մասնաւորապէս Մոսկուայէն եւ Ուաշինկթընէն վերջին օրերուն հնչեցին յայտարարութիւններ։ Եւ այս բոլորէն վերջ խորհրդարանը ձեռնամուխ կ՚ըլլայ նոր վարչապետի ընտրութեան։ Խորհրդարանէ ներս ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը կը սատարեն Նիկոլ Փաշինեանին։ Պաշտօնապէս նախատեսուած ժամկէտին մէջ ան եղած է վարչապետի թեկնածու առաջադրուած միակ անունը։ Բայց եւ այնպէս, խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), որու ղեկավար Սերժ Սարգսեանի հրաժարականով յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ։

Այժմ ներքին քաղաքական պայքարը նոր փուլ մը կը թեւակոխէ Հայաաստանի մէջ։ Քաղաքական խաղաքարտերը մի առ մի պիտի բացուին այս փուլին։ ՀՀԿ յայտարարած է, որ պիտի չունենայ իր վարչապետի թեկնածուն ու պիտի չխոչընդոտէ խորհրդարանի միւս քաղաքական ուժերու ծրագրերը։ Կուսակցութիւնը տեղեկացուցած է նաեւ, որ յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան նկատմամբ վերաբերմունքը պիտի յստակացնէ անոր ծրագրին ծանօթանալէ վերջ։

Բոլոր ազդանշանները ցոյց կու տան, որ Հայաստան կ՚ընթանայ դէպի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Երկրի բոլոր քաղաքական ուժերն ալ ներկայիս կը ջանան որդեգրել մարտավարութիւն մը, որ իրենց համար ամենաձեռնտու պայմանները պիտի ապահովէ հաւանական կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ։ Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի կեդրոնին կը շարունակէ ամէն օր համախմբուիլ՝ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժման մասնակից ժողովուրդին հետ։ Այս հանրահաւաքները մետայլի միւս երեսակին Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտէ կը հանդիսանան ապացոյցներ՝ ժողովրդական ամուր յենարաններ ունենալու մասին, ինչ որ ունի կարեւոր նշանակութիւն։

Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադրութիւնը տակաւին յղի է բազում անակնկալներու, մինչ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ջանքեր կը գործադրէ՝ վերահսկելու համար Սահմանադրութեան գործադրութիւնը, ապահովելու համար լայնախարիսխ երկխօսութիւն ու մանաւանդ երկիրը հեռու պահելու համար ցնցումներէ։  

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018