ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ

Երէկ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ընթացքին ծագեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով նահատակուեցան Իւնալ Տեմիր (24), Սէյֆետտին Աքպաշ (28) եւ Սերճան Քոչ (23)։ Այս իրադարձութիւնը մեծ ցաւ յառաջ բերաւ բովանդակ երկրին մէջ։

Բաց աստի, Տիարպաքըրի Հանի գաւառակի Թոփճուլար եւ Եուքարը Թուրալը գիւղերու ճանապարհներու խաչմերուկին ալ նախընթաց օր բախում ծագեցաւ անվտանգութեան ուժերու եւ ՓՔՔ-ականներու միջեւ։ Դէպքին հետեւանքով ծանր վիրաւորուեցաւ գիւղապահպան Էմրահ Թեզկէլ, որ անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, սակայն կարելի չեղաւ փրկել իր կեանքը։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018