ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՐԻԶ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս շփումներ նախատեսուած են Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ։

Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Էլիզէի պալատէն ներս նախատեսուած այս տեսակցութեան առընթեր Նիկոլ Փաշինեան կը տեսակցի Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ռիշար Ֆերանի հետ։

Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած վերջին ոտնձգութիւններէն վերջ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած էր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի միջեւ։ Փարիզի ղեկավարութիւնը կոչ ուղղած էր Պաքուին, որպէսզի զօրքերը անմիջապէս լքեն Երեւանի ինքնիշխան տարածքը։ Ըստ Փաշինեանի, այդ զրոյցին ժամանակ Մաքրոն խոստացած էր նաեւ ռազմական աջակցութիւն։

Փարիզի այս օրուան շփումներէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան պիտի ուղեւորուի Պրիւքսել, ուր վաղը նախատեսուած է իր հանդիպումը Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Պելժիոյ վարչապետ Ալեքսանտր տը Քրաու եւս կը հիւրընկալէ Փաշինեանը։

Վերջին օրերուն Նիկոլ Փաշինեան օրակարգի վրայ բերած էր առաջարկ մը, որով կը նախատեսուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միջազգային դիտորդներ տեղադրել՝ առկայ լարուածութեան թուլացման նպատակով։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ Փաշինեանի այդ առաջարկը ինչքանով կրնայ գործադրուիլ՝ ըստ զանազան մեկնաբաններու, սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի Արեւմուտքը տարածքաշրջանէ ներս ազդեցութիւն ձեռք բերելու նոր հնարաւորութիւններ ունենայ։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021