ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Մար­սէյ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող «Հա­յաս­տա­նի տա­րի» ծրագ­րի ձեռ­նարկ­նե­րուն։ Մի­ջո­ցա­ռու­մը կազ­մա­կեր­պուած էր Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Մար­սէյլ-Փրո­վանս-Հա­յաս­տան 2015» միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Այս առ­թիւ նա­խա­րա­րը մաս­նակ­ցե­ցաւ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015