ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին արժանացաւ մեծ պատիւի մը։ Այսպէս, ան պարգեւատրուեցաւ ֆորումի տարեկան «Prix de la Fondation 2019» մրցանակով։ Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ժընեւի մէջ։ Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան անուանի պետական, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, գործարարներ, ինչպէս նաեւ զուիցերահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։ Միջազգային այս հեղինակաւոր կառոյցը տարեկան իր մրցանակը աւանդաբար կը շնորհէ այնպիսի անձերու, որոնք ընկերային պատասխանատուութիւն ենթադրող ոլորտները կը ներկայացնեն եւ աչքի կը զարնեն՝ որպէս առաջնորդ, նորարար եւ իբրեւ փոփոխութեան առաջամարտիկ գործերու կարողութեան տէր անձ։ 1989 թուականէն ի վեր այս մրցանակը կը միաւորէ բազում գործիչներ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն յանուն խաղաղութեան, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի առընթեր այս տարի պարգեւատրուեցան նաեւ Սլովենիոյ նախագահն ու Կուինիայի առաջին տիկինը։ Արմէն Սարգսեան մրցանակը ստացաւ՝ ձեռամբ Crans Montana ֆորումի հիմնադիր ու պատուոյ նախագահ Ժան Փոլ Քարթերոնի։ Պարգեւը ստանալու ժամանակ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Crans Montana ֆորումը իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը պիտի ունենայ վաղը, երբ ապագան աւելի մօտ պիտի ըլլայ»։

«Prix de la Fondation» մրցանակին նախապէս արժանացած են Իզաք Ռապին (Իսրայէլի նախկին վարչապետ), Միխայիլ Կորպաչով (Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավար), Եասէր Արաֆաթ (Պաղեստինի նախկին ղեկավար), Պենազիր Պութթօ (Փաքիստանի նախկին վարչապետ), Լեխ Վալեսա (Լեհաստանի նախկին նախագահ), Միշել Պաչելէ (Չիլիի նախկին նախագահ), Խոսէ Մանուէլ Պարոսօ (Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահ), Ռաֆիք Հարիրի (Լիբանանի նախկին վարչապետ), Ժան Քլոտ Եունքէր (Եւրոյանձնաժողովի նախագահ), Ռիչըրտ Հոլպրուկ (Ամերիկայի Միցեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարար) եւ այլք։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019