ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ «ԹՈՍՔԱ»

Երեւանի Օփերայի թատրոնը առցանց կը ցուցադրէ Ճիաքոմօ Փուչչինիի «Թոսքա» ներկայացումը։ Այսպէս, իտալացի աշխարհահռչակ յօրինող Ճիաքոմօ Փուչչինիի «Թոսքա» օփերայի տեսաձայնագրութիւնը յուլիսի 1-ին կը ցուցադրուի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ արուեստասէրները զայն կրնան դիտել ժամը 20.00-ին: Տեսաձայնագրութիւնը հասանելի կ՚ըլլայ 24 ժամ:

Ներկայացման մէջ Ֆլորիա Թոսքայի դերերգը կը կատարէ Քարինա Ֆլորենս, Մարիօ Քաւարատոսիի դերերգը՝ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս Այվազեան, պարոն Սքարփիայի դերով հանդէս կու գայ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Գէորգ Յակոբեան: Բեմադրութեամբ զբաղած են նաեւ Յովհաննէս Ներսիսեան, Հայկ Տիգրանեան, Ալեքսէյ Աւետիսեան, Արմէն Գրիգորեան, Պօղոս Պէյազբէկեան, Էրվին Ֆլորես: Խմբավարը Յարութիւն Արզումանեանն է, բեմադրիչը՝ Նաիրէ Ստեփանեանը, նկարչական ձեւավորումը կատարած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Աւետիս Բարսեղեան, լուսային նկարիչն է Ալեքսանդր Սիվաեւ, իսկ գլխաւոր խմբավարը՝ Հրաչ Պորեան:

«Թոսքա»ն ամենայաճախ բեմադրուող օփերաներէն մէկն է։ Իտալերէն լիպրեթթոն հեղինակած են Լուիճի Իլիքա եւ Ճիւզեփփէ Ճաքոզա՝ ըստ Վիքթորիան Սարտուի նոյնանուն բեմագրութենէն: Երեք արարով ներկայացման առաջնախաղը կայացած է 1900 թուականի յունուարի 14-ին: Ան մեծ յաջողութիւն արձանագրած է:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020