ԱՇԽԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Աշխապատի մէջ, ուր կը գտնուէին միջազգային հաւաքոյթի մը առթիւ։ Ռուսական պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Ալիեւ հանդիպման ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւնները։ Օրակարգի վրայ եկան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Փութին յայտնեց, որ այս շրջանին կը նախապատրաստուին Ռուսաստանի վարչապետի եւ Տումայի նախագահի այցելութիւնները դէպի Պաքու։ Ներկային, ընդհանրապէս Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ շփումները կը խտանան՝ զանազան մակարդակներու վրայ քննարկումներով։ Վերջին օրերուն Պաքուի մէջ էր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ, որ երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ կողմերը քննարկած են միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ մը։ Շօշափուած են նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին տարածաշրջանէ ներս խաղաղ կեանքի պահպանման, կայունութեան ամրապնդման, փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ու տնտեսական կապերու հաստատման։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022