ՉՈՐՐՈՐԴ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ծիրէն ներս այսօր Վիեննայի մէջ տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի  եւ Ռուբէն Ռուբինեանի չորրորդ հանդիպումը։ Այս նոր ժամադրութեան ընդառաջ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, ըստ որոնց տարօրինակ են Անգարայէն հնչած յայտարարութիւնները, թէ Երեւանի հետ սկսած այս գործընթացը կը համակարգուի Պաքուի հետ։ Վերջին շրջանին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ այս կապակցութեամբ անհանգստութիւն յայտնած էր եւ համահունչ յայտարարութիւններ հնչեցին նաեւ Ռուբէն Ռուբինեանի բերնէն՝ Սերտար Քըլըչի հետ չորրորդ հանդիպման ընդառաջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեան ըսաւ. «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի սկիզբէն ի վեր Հայաստան եղած է շատ շինիչ։ Հայաստան ունի քաղաքական կամք եւ այդ մէկը ցուցադրած է՝ արագ կարգաւորման հասնելու համար։ Գործընթացի յաջողութիւնը կախուած է Թուրքիոյ քաղաքական կամքէն եւ համապատասխան կառուցողականութենէն։ Ինչպէս կը տեսնէք՝ մինչեւ այս պահը առանձնապէս մեծ յառաջընթաց չկայ, սա տեսանելի է»։

Ռուբինեան վերահաստատեց, որ սահմանային վերասահմանազատման հարց չի քննարկուիր։ «Քիչ մը տարօրինակ են Թուրքիոյ զանազան պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները, թէ իրենք գործընթացը կը համակարգեն կամ կը համաձայնեցնեն Ատրպէյճանի հետ։ Բայց նման գործընթացներու մէջ ամենակարեւոր բանը քաղաքական կամքն է։ Եթէ կայ այդ քաղաքական կամքը, մնացեալ հարցերը շատ դիւրին կը լուծուին։ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ուզէ հասնիլ շուտափոյթ կարգաւորման եւ ասոր համար պատրաստ է գործադրել գործօն քայլեր՝ նոյնը ակնկալելով թրքական կողմէն։ Այդ գործընթացը տակաւին շօշափելի արդիւնքներ չէ տուած, բայց սա չի նշանակեր, որ չի կրնար տալ։ Նաեւ չի նշանակեր, որ հաստատ պիտի տայ», շարունակեց ան։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ իշխանութիւններու բարձրացուցած «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն՝ Ռուբինեան ըսաւ. «Այդ յայտարարութիւնները որեւէ ձեւով չեն նպաստեր Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացին, դեռ եւս նոյնիսկ հակառակը կը խանգարէ։ «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացութիւն գոյութիւն չունի մեր օրակարգին վրայ։ Հայաստան միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ նախագիծ, որեւէ երեւոյթ չէ քննարկած, չի քննարկեր ու պիտի չքննարկէ։ Բաց աստի, Հայաստանի մէջ «Զանգեզուր» անուանումով տարածքային միաւոր գոյութիւն չունի», ըսաւ ան Վիեննայի ժամադրութեան ընդառաջ։

Վերջին օրերուն Անգարայի մէջ տեղի ունեցած էր Թուրքիոյ-Ատրպէյճեան-Ղազախիստան եռակողմանի ձեւաչափով ժողով մը՝ արտաքին գործոց եւ փոխադրութեան նախարարներու մասնակցութեամբ։ Եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ եւս տեղ գտած էր «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին արտայայտութիւն։ Երեւանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգած էր։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ այդ բոլորը չեն նպաստեր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու գործընթացին։

Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ հերթական անգամ յայտնեց, որ Հայաստանի տարածքով միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ ճանապարհի անցնիլը բացառուած է։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022