ՍԱԿԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան եւ Վարշաւիոյ սակարանին միջեւ կնքուեցաւ պայմանագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթով Հայաստանի սակարանի բազմատոմսերը վաճառուեցան Լեհաստանի կողմէ։ Համաձայնագիրը ստորագրեցին Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան եւ Վարշաւիոյ սակարանի կառավարման խորհուրդի նախագահ Մարէք Տիէթըլ։ Պայմանագրի ստորագրումէն վերջ Տիէթըլ յայտնեց, որ իրենք այս ներդրումը կը դիտարկեն՝ որպէս երկարաժամկէտ ու ռազմավարական գործընկերութիւն։ «Մեր նպատակն է համատեղ ջանքերով զարգացնել Հայաստանի դրամագլուխի շուկան, նաեւ տարածաշրջանէ ներս մեր գործարարութիւնը», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022