ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Փարիզի «Buci» գեղարուեստասրահին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ քանդակագործ Նինա Խեմչեանի «Ոսկիի դարաշրջանը» (L'Age de l'Or) խորագրեալ ցուցահանդէսը, որու բացման մասնակցած է նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։ Ըստ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներուն, արուեստագիտուհին այս առթիւ ներկայացուցած է իր նոր հաւաքածոյի ստեղծման պատմութիւնը։ Իրեն համար ոգեշնչման աղբիւր հանդիսացած է՝ յատկապէս միջնադարեան հայ մանրանկարչութեան արուեստը։

Բացման հաւաքոյթի ընթացքին դեսպան Տոլմաճեան յաջողութիւն մաղթելով Խեմչեանին նշած է, որ անոր ստեղծագործութիւնները իրենց ուրոյն տեղը ունին ժամանակակից եւ նորարարական արուեստի աշխարհէն ներս՝ Հայաստան, Ֆրանսա կամ այլուր։ Այդ ստեղծագործութիւնները կը նպաստեն ընդհանրապէս հայ արուեստի գործերը հանրութեան ծանօթացնելու աշխատանքին։

Փարիզի 6-րդ թաղամասէն ներս բացուած այս ցուցահանդէսը եզրափակուեցաւ երէկ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022