INALCO-Ի ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ԳԱՆՁԱՏՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական կաճառին (INALCO-ԻՆԱԼՔՕ) կից սկսաւ գործել հիմնադրամ մը։ Ըստ «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, այս հիմնադրամի գործունէութեան սկիզբին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը։ Հիմնադրամը տեղակայուած է ԻՆԱԼՔՕ-ի պատմական շէնքէն ներս եւ ստեղծուած է ակադեմական ծրագրեր գանձատրելու նպատակով։

Բացման հանդիսութեան հրաւիրեալներու շարքին գտնուած է Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։ Բաց աստի, ներկայ եղած են զանազան երկիրներու դեսպաններ, դիւանագէտներ, պետական գործիչներ, համալսարանականներ, գիտնականներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէ կամ այլ երկիրներէ ԻՆԱԼՔՕ-ի նախկին շրջանաւարտներ, որոնք այսօր պետական կամ քաղաքական պաշտօններ կը զբաղեցնեն։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են ԻՆԱԼՔՕ-ի տնօրէն Ժան-Ֆրանսուա Իւշէ, նորաստեղծ հիմնադրամի նախագահ Ֆիլիփ Ատվանի: Այս վերջինները ի միջի այլոց անդրադարձած են նաեւ ԻՆԱԼՔՕ-է ներս հայագիտութեան դասաւանդման՝ նշելով, թէ հաստատութենէն ներս հայերէնը կը հանդիսանայ հիմնական չորս լեզուներէն մէկը եւ կը դասաւանդուի գրեթէ կաճառի ստեղծումէն՝ 1798 թուականէն ի վեր։ Բանախօսները ընդգծած են նաեւ, որ հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը կը շարունակէ վայելել հաստատութեան վարչակազմին եւ դասախօսական անձնակազմին լայն աջակցութիւնը։

Երեկոյթի յայտագիրը ունեցած է երաժշտական բաժին, որու ընթացքին զանազան մշակոյթներէ երաժշտական ստեղծագործութիւններու առընթեր, հնչած են նաեւ հայկական ժողովրդական նուագարաններով ազգային ոգեշունչ մեղեդիներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022