Կիրակի 26, Յունուար 2025
ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այս շաբաթավերջին կը գտնուի Պէյրութի մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Ազնաւուր երէկ ժամանեց Պէյրութ, ուր այսօր նախատեսուած է իր համերգը։ Ազնաւուրի ելոյթը մաս կը կազմէ Պաթրունի միջազգային փառատօնի ծրագրին։ Լիբանանահայ արուեստասէրներն ալ անմիջական ու ջերմ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն Շարլ Ազնաւուրին նկատմամբ։
Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2015