ԵՒ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ…

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին ար­տա­սո­վոր կա­ցու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին մտաւ յաղ­թա­հար­ման հու­նի մէջ։ «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ խում­բը, որ Ե­րե­ւա­նի մեր­ձա­կայ­քին ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րոն մը բռնագ­րա­ւած էր, եր­կու շաբ­թուան դի­մադ­րու­թե­նէ մը վերջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին զէն­քե­րը թո­ղուց եւ յանձ­նուե­ցաւ երկ­րի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն։ Շա­բա­թա­վեր­ջը դար­ձեալ լա­րուած էր Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը Շա­բաթ յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն վերջ­նա­գիր մը ներ­կա­յա­ցուց «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բին։ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը վերջ­նա­ժամ­կէտ սահ­մա­նեց Շա­բաթ, Ե­րե­ւա­նի ժա­մով 17.00-ը։ Այդ ժամ­կէ­տին սահ­մա­նու­մը ար­դէն թափ տուաւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը հան­րա­հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պե­ցին Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ։ Ցոյ­ցին յա­ջոր­դեց Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ երթ մը։ Ցու­ցա­րար­նե­րը փա­փա­քե­ցան եր­թը շա­րու­նա­կել Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ուղ­ղու­թեամբ, ո­րու վրայ կը գտնուին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ա­պա­րանքն ու Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը այդ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ փա­կեց Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան, իսկ ցու­ցա­րար­նե­րը չհե­ռա­ցան եւ սկսան նստա­ցոյ­ցի մը։ Որ­պէս բո­ղոք՝ այդ լա­րուած վի­ճա­կին քա­ղա­քա­ցի մը հան­դէս ե­կաւ ինք­զինք հրկիզ­ման փոր­ձով։ Միւս ցու­ցա­րար­նե­րը մի­ջամ­տե­լով փրկե­ցին զին­քը։ Վրայ հա­սաւ ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շարժ մը, որ­պէս­զի այդ քա­ղա­քա­ցին տա­րուի հի­ւան­դա­նոց։ Սա­կայն ան մեր­ժեց ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շարժ մտնել եւ թաք­սիով մը գնաց հի­ւան­դա­նոց։ Յա­ռա­ջա­ցած ժա­մե­րուն նստա­ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը զգա­լիօ­րէն նուա­զե­ցաւ, իսկ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­նոնց կոչ ուղ­ղեց դադ­րեց­նել նստա­ցոյ­ցը, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը ար­դէն ա­պօ­րի­նի էր։ Ընդ­դի­մա­դիր ցու­ցա­րար­նե­րը ըն­թացք տուին այդ կո­չին եւ այս­պէ­սով Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան վե­րա­բա­ցուե­ցաւ եր­թե­ւե­կու­թեան։

Շա­բաթ օ­րուան ցա­ւա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մին ալ այն էր, որ «Սաս­նայ ծռեր»ու այս երկ­շա­բա­թեայ ո­դի­սա­կա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին դժբախ­տա­բար ոս­տի­կան մը եւս զո­հուե­ցաւ։ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան կող­մէ սահ­մա­նուած վերջ­նա­ժամ­կէ­տէն վերջ, «Սաս­նայ ծռեր»ու կող­մէ բռնագ­րա­ւուած ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի տա­րած­քէն դի­պու­կա­հա­րի մի­ջո­ցաւ կրակ բա­ցուե­ցաւ շուրջ 400 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կա­յա­նած ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շար­ժի մը վա­րոր­դին վրայ։ Այդ փամ­փուշ­տին զոհ գնաց 30-ա­մեայ ոս­տի­կան Եու­րի Տե­փա­նո­սեան։ Մինչ այդ, «Սաս­նայ ծռեր»ու կող­մէ պա­տանդ առ­նուած շտապ օգ­նու­թեան մաս­նա­գէտ­ներն ալ շա­բա­թա­վեր­ջին յա­ջո­ղե­ցան դուրս գալ բռնագ­րա­ւեալ ոս­տի­կա­նա­կան տա­րած­քէն։

Ե­րէ­կուան օ­րը դար­ձեալ սկսաւ վառ հե­տաքրք­րու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին զի­նեալ խում­բը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ո­րո­շած է թո­ղել զէն­քե­րը եւ յանձ­նուիլ։ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տա­րա­ծե­ցին տե­սա­նիւթ մը՝ խում­բի ան­դամ­նե­րու յանձ­նուե­լու պա­հէն։ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւնն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ եր­կու շա­բաթ բռնագ­րաւ­ման տակ մնա­ցած ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի տա­րած­քը ամ­բող­ջու­թեամբ ա­զա­տուած է ու ձեր­բա­կա­լուած՝ քսան հո­գի։

«Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բը այս ա­րար­քին ձեռ­նար­կած էր՝ պա­հան­ջե­լով «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» ընդ­դի­մա­դիր խմբակ­ցու­թեան ձեր­բա­կա­լեալ ղե­կա­վար Ժի­րայր Սէ­ֆի­րեա­նի ա­զատ ար­ձա­կուի­լը եւ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը։ Եր­կու շաբ­թուան աղմ­կա­րար դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով եր­կու ոս­տի­կան զո­հուե­ցաւ։ Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու եւ ցու­ցա­րար­նե­րու շար­քե­րէն ե­ղան բա­զում վի­րա­ւոր­ներ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2016