ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹՂԹԱԾՐԱՐ ՄԸ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ Է՝ ՍԻՍԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՎԵՐԱՁԵՌՔԲԵՐԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ

Անթիլիասի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ամբողջացուցած է Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով ձեռնարկած դատական գործի թղթածրարը, որով դիմում պիտի կատարուի Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն մօտ։

Ինչպէս ծանօթ է, 2015 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դիմած էր Սահմանադրական ատեան՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով։ Արդարադատութեան նախարարութեան խորհուրդին հետեւելով Սահմանադրական ատեանը ընթացք չէր տուած այդ դիմումին։ Պատճառաբանութիւնը այն էր, որ գործընթացը պէտք է սկսէր Առաջին ատեանի դատարաններէն։ Աւելի վերջ Անթիլիաս նոյն պահանջով դիմած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ) եւ այնտեղ ալ գործը ձախողած էր, որովհետեւ թելադրուած էր՝ դիմել Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն։ ԵՄԻԱ-ի պարագային տրամաբանութիւնը այն է, որ պետութեան մը դէմ դատ բանալու համար պէտք է նախեւառաջ սպառած ըլլան անոր ներքին բոլոր դատական ընթացակարգերը։

Այժմ, ըստ երեւոյթին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը փորձէ սրբագրել ցարդ կատարուած սխալները եւ ետդարձի ճամբայ մը գտնել։ Դժուար է կանխատեսել, թէ այս նոր նախաձեռնութիւնը ի՛նչ արդիւնքի մը կրնայ յանգիլ, որովհետեւ ցարդ թէ՛ Սահմանադրական ատեանի եւ թէ ԵՄԻԱ-ի մերժումները արդէն առաջին քայլափոխին լուրջ վնաս մը հասցուցած ըլլալ կը թուին այս կարեւոր դատին։ Անշուշտ, հաւանականութիւնները կամ վարկածները ժամանակի ընթացքին պիտի յստականան։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ այս նիւթին կապակցութեամբ այս առաւօտ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

Երէկ, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի իրաւական յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը։ Յիշեալ դատին թղթածրարը գրեթէ իր վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մանր յստակեցումներէ ու յաւելումներէ ետք, առաւելագոյնը հոկտեմբեր 2018-ին, պիտի ներկայացուի թրքական դատարան։

 Կ՚ուզենք յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ նոյն դատին թղթածրարը շուրջ երեք տարիներ առաջ ներկայացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին, զոր մերժած էր անոր քննութիւնը՝ ընդառաջելով Արդարութեան նախարարութեան թելադրանքին։ Ապա, նոյն թղթածրարը, շուրջ տարի մը յետոյ, ներկայացուած էր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան։ Այս վերջինը եւս մերժած էր ընդունիլ դատը ու թելադրած՝ դիմել թրքական դատարան։

 Իրաւական յանձնախումբին հայեցողութեամբ դատին քննութիւնը մերժող յիշեալ մօտեցումները ըստ էութեան առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունին։ Ամէն պարագայի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որոշած է շարունակել իրաւական այս գործընթացը մինչեւ արդարութեան յաղթանակը եւ Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018